Ապրիլ 25, 2025
Ֆրանսացիները Ազրպէյճանի համար Հետախուզական Արբանեակ Արձակած են
- (0)
\n
\n
Ֆրանսական «Airbus and Espace» ընկերութիւնը Յունիս 30-ին «Ազէրգոսմոս»ի ազէրպայճանական հետախուզական արբանեակ արձակած է երկրի ուղեծիր։ Այս մասին կը յայտնէր, Յուլիս 3-ին, Ազրպէյճանի Հաղորդակցութեան եւ բարձրագոյն արհեստագիտութիւններու նախարար Ալի Ապասով։
\n
Ըստ «Ռեկնում» լրատու գործակալութեան՝ Ապասով ըսած է, որ «SPOT-7» արբանեակը նախատեսուած է երկրի մակերեւոյթը զննելու համար, եւ ներկայիս բանակցութիւններ կ՚ընթանան արբանեակը «Ազէրքոսմոս»ին վերահսկողութեան յանձնելու համար։ Այս առթիւ ըսուած է, որ արբանեակին շնորհիւ կարելի կը դառնայ երկրի մակերեւոյթէն բարձր որակի պատկերներ ստանալ անմիջապէս՝ ժամանակի իրական դրութեամբ։ Արբանեակը կրնայ անխափան աշխատիլ առնուազն 10 տարի։
\n