Թուրքիոյ նախագահական թեկնածու Տէմիրթաշ. «Ես հայկական թաղի մէջ մեծցայ եւ հասկցայ, թէ հայերը ինչպիսի խտրականութեան ենթարկուած են»
\n
\n
Քրտամէտ Ժողովրդային Դեմոկրատ – HDP (Halklar?n Demokratik Partisi (HDP)) lուսակցութեան fամանախագահ եւ Թուրքիոյ նախագահութեան թեկնածու Սէլահատտին Տէմիրթաշ Իսթանպուլ՝ Կալաթասարայի Ճէզայիր հաւաքասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներէն հրաւիրուած անձերու հետ եւ ընդգծեց իրար հետ միասնութիւն պահելու, ամէն տեսակ խտրականութեան դիմագրաւելու հրամայականները։ Տէմիրթաշ բաւական աշխոյժ ընտրապայքար մը յառաջ կը տանի եւ վստահ պիտի ապահովէ Թուրքիոյ քիւրտ քաղաքացիներուն քուէները։ Թուրքիոյ 75 միլիոն բնակչութեան 14-15 միլիոնը քիւրտեր են: Տէմիրթաշ Քիւրտերու կողքին, կը փափաքի շահիլ համակրանքը նաեւ տարբեր կրօնքներու համայնքներուն։ Վերոնշեալ հանդիպման, Տէմիրթաշին կ՚ընկերակցէին HDP-ի Իսթանպուլի Երեսփոխան Սըրրը Սիւրէյյա Էօնտէր, հայերու նկատմամբ իր համակրանքով յայտնի Սուր գաւառի նախկին քաղաքապետ Ապտուլլահ Տէմիրպաշ եւ HDP-էն ներկայացուցիչներ։Դռնփակ նիստէ մը առաջ Տէմիրթաշ խօսք ուղղեց ներկաներուն եւ ընդգծեց այն կարգախօսը թէ «Մեր հողը մեր հայրենիքն է», ըսաւ որ բոլոր անիրաւուածներուն ու ճնշուածներուն իրաւունքները պաշտպանելով ընկերային հաշտութեան համակարգ մը ստեղծելու արշաւ պիտի ձեռնարկէ։ Ան ըսաւ որ ձեռք ձեռքի տալով վերջ պիտի տրուի ամէն տեսակ խտրականութեան։
«Մանկութենէս ի վեր գտնուած եմ խտրականութեան ենթարկուած հատուածներու մէջ», ըսաւ Տէմիրթաշ։ «Ես մեծցայ Հայկական թաղամասի մը մէջ։ Քանի մեծցայ, այնքան աւելի լաւ հասկցայ թէ ինչպիսի խտրականութեան ենթարկուած էին Հայերը։ Հասկցանք որ մենք ալ Թուրքիոյ մէջ միշտ «Ուրիշ»ը նկատուեր ենք եւ լուր իսկ չենք ունեցեր։ Քանի մեծցանք ու Պետութեան հետ երես առ երես եկանք, հասկցանք ճշմարտութիւնը։ Ես ալ հասկցայ թէ ինչ էր տիրող մտայնութիւնը. «Մէկ լեզու, մէկ կրօնք կայ, եթէ կրնաս յարմարիլ այս վարկածին, այն ատեն կրնաս ապրիլ համահաւասար հայրենակցի նման»։
Տէմիրթաշ ըսաւ որ այս հաւաքոյթին նպատակը քուէ ապահովել չէ։ Ասիկա իր ցարդ կազմակերպած հաւաքոյթներուն ամէնէն նշանակալիցն է։ Այս հաւաքոյթին նպատակն է իրականացնել երես առ երես գալու պատմական հանգրուան մը եւ ամուր հիմերու վրայ դնել իրենց տեսլականը։
Տէմիրթաշ ըսաւ, որ հակառակ ամէն տեսակ ճնշումի ու պարտադրութեան, հակառակ մէկ ազգ հասկացողութեան, մենք «ուրիշ»ներս պիտի շարունակենք ապրիլ միասնաբար։ Թէ՛ պիտի ապրինք, թէ՛ զմեզ պիտի կառավարենք։ Բոլոր անոնց որոնք միայն ազգութեան ու ցեղապաշտութեան մասին կը խօսին, մենք յամառօրէն պիտի ըսենք որ մենք այս հողերուն մասնիկներն ենք, այս հայրենիքին հաւասար տէրերն ենք»։
Տէմիրթաշ իր ճառախօսութեան ընթացքին խօսեցաւ Թուրքիոյ Պետութեան կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեանց մասին։ «Պետութիւնը պարտական է ներողութիւն խնդրել հայերէն, յոյներէն եւ ասորիներէն։ Ասիկա կարեւոր է նաեւ այն պատճառով, որ պիտի հաստատէ, թէ այս հողերուն վրայ այլեւս ցեղասպանութիւն պիտի չգործադրուի։ Մենք կ՚ուզենք եղբայրաբար ապրիլ Թուրքերուն հետ, բայց եթէ այս հողերուն վրայ կայ հայ մը որմէ ներողութիւն չէ խնդրուած, այդ եղբայրութիւնը կը հակասէ արդարութեան։ Այս պարտքը Թուրք ժողովուրդին ճիտին չենք կրնար կապել։ Պետութիւնը պէտք է խնդրէ։ Ալեւիներուն կամ հայերուն ներողութիւն խնդրել մը պարտական ենք։ «Իմ հողս, իմ հայրենիքս» ըսելու տեղ պէտք է ըսուի «Մեր հողը, մեր հայրենիքը»։
Իր ճառախօսութեան վերջաւորութեան Տէմիրթաշ ըսաւ. «Երէկ ալեւիներու հետ էինք, այս առաւօտ Իսթանպուլի մէջ մէկտեղուեցանք հայերու, ասորիներու ու յոյներու հետ, գիշերն ալ Մահմետականներու պիտի միանանք իֆթարի առիթով։ Մենք այսպիսի կեանք մը կառուցել կը ջանանք»։
Տէմիրթաշ ի մէջ այլոց ըսած է հետեւեալը.«Մահմետական մը մահմետական է այն ատեն երբ կը պաշտպանէ նաեւ հայուն կամ յոյնին իրաւունքը»։
\n