Արդեօ՞ք Էրտողանը Հայաստան-Թուրքիա սահմանը պիտի բանայ


Հետք լրատուական կայքէջի աշխատակից Արմէն Առաքելեան հետեւեալ ձեւով կը վերլուծէ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման մասին վերջերս թրքական մամուլին կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած լուրը:

Թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յանձնարարած է այս տարուան Սեպտեմբերին բանալ Հայաստանի հետ սահմանը։ Թերթը այս որոշումը կը կապէ հայ-թրքական հաշտեցման ուղղուած Էրտողանի նախաձեռնութիւններու հետ՝ գրելով, թէ ատիկա պիտի ըլլայ այդ հարցին մէջ անոր երկրորդ քայլը՝ այս տարուան Ապրիլի 24-ի նախօրեակին հայերուն ցաւը կիսելու հետ կապուած յայտնի ուղերձէն ետք։ 

Այն, որ տեւական ժամանակ թրքական կողմէ սահմանի բացման ուղղուած նախապատրաստական աշխատանքներ իսկապէս կատարուած են՝ սահմանին հարակից ճանապարհի 7 քիլոմեթր հատուածի կուպրապատման, մաքսատան կառուցման, սարքաւորումներ տեղակայելու տեսքով, քանի մը անգամ արձանագրած է նաեւ հայկական մամուլը։ Սակայն արդեօք այդ ամէնը կրնա՞յ նշանակել, որ Թուրքիան կը պատրաստուի բանալ հայկական սահմանը։

Տեղեկատուութեան իսկականութիւնը յստակացնելու նպատակով ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը արդէն դիմած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, ուր հաւաստած են, որ թերթին մէջ հրապարակուածը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Հետաքրքրականն այն է, սակայն, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը սահմանի բացման հնարաւորութիւնը հերքելու ուղղութեամբ որեւէ քայլ տակաւին չէ ձեռնարկած։ Ասիկա առնուազն կը յուշէ այն մասին, որ թրքական կառավարութիւնը դէմ չէ այդ թեմայի զարգացման, հասարակական եւ նոյնիսկ միջազգային հնչողութեան ձեռքբերման, եւ կը ստեղծէ ատոր համար անհրաժեշտ բոլոր պայմանները։ Սակայն ատոր ելակէտը ոչ թէ սահմաններու բացումն է, այլ այդ հարցին մէջ Էրտողանի հայեացքներու փոփոխութեան միտումնաւոր ընդգծումը, որ տուեալ պարագային բացառապէս շահագործման նշանակութիւն ունի։ 

Տեղեկատուութիւնը թերթի միջոցով հրապարակ նետելով Էրտողանը ըստ էութեան կը փորձէ լուծել մէկ անգամէն քանի մը խնդիր։ Նախ՝ արտաքին օրինականութիւն կը հաղորդէ նախագահական իր նկրտումներուն՝ հանդէս գալով աւելի հանդուրժողական, Թուրքիոյ հետ կապուած ամէնէն սուր հիմնահարցերը կարգաւորելու պատրաստ ղեկավարի դիրքերէն։ 

Ասիկա աւելի շատ միջազգային հեղինակութիւնը վերականգնելու ուղղուած ժեսթ կարելի է համարել։ Երկրորդ՝ թերեւս պատահական պէտք չէ համարել սահմանի բացման հնարաւորութեան շրջանառումը ճիշդ այն փուլին մէջ, երբ աշխուժօրէն կը քննարկուի Հայաստանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան միանալու եւ այդ ծիրին մէջ ղարաբաղեան հիմնահարցը կարգաւորելու խնդիրը։ 

Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող աշխուժ բանացութիւններու առանցքը, թերեւս Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ազրպէյճանական ակնկալիքներն են, որոնց ենթահողին վրայ արդէն իսկ կը շրջանառուին նախկին ԼՂԻՄ-ին հարակից, Ազրպէյճանի նախկին վարչական առնուազն երեք շրջանները Պաքուին յանձնելու գաղափարը։ Կարելի չէ բացառել այն, որ Անգարան այդպիսով կը փորձէ ակնարկել, թէ ինչ «մրցանակ» կը սպասուի Հայաստանին, եթէ վերջինս համաձայնի այս տարբերակին։ Պատահական չէ, թերեւս, որ ռուս-ազրպէյճանական բանակցութիւնները աշխուժացան յատկապէս նախորդ ամիս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի՝ Մոսկուա կատարած այցելութենէն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք, որ տարածաշրջանին մէջ արտաքուստ տեղական բնոյթ ունեցող եւրասիական համարկման հետ կապուած հոլովոյթները շատ աւելի ընդգրկուն են։ Ատով Թուրքիան կը մտնէ տարածաշրջանային ընդհանրական խաղին մէջ եւ որ այս ամէնը կրնայ ռուս-ազրպէյճանա-թրքական եռանկինի լարած թակարդը ըլլալ Հայաստանի համար։

Սակայն սահմանը բանալու թեման շրջանառութեան մէջ դնելու առաւել տեսանելի պատճառը, թերեւս Ցեղասպանութեան 100 ամեակի ծիրին մէջ Թուրքիոյ կանխարգելիչ քաղաքականութիւնն է։ Պատահական չէ, որ ճիշդ այդ ենթահողին վրայ ամէն թերթը կը մատուցէ Էրտողանի տուած յանձնարարութիւնը։ Ասիկա նախ իւրայատուկ պատասխան կարելի է համարել Թուրքիոյ գործող նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին 2015-ին Ապրիլի 24-ին Երեւան այցելելու եւ միսին Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու՝ նախագահ Սերժ Սագսեանի առաջարկին, որ ըստ էութեան ոչ միայն Սարգսեանին մերժելու քաղաքակիրթ, դիւանագիտական հնարաւոր ժեսթ է, այլ նաեւ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորմամբ այդ ցաւոտ հարցը պատմութեան գրկը ուղարկելուն ուղղուած այլընտրանքային մօտեցում ցուցաբերելու հաւակնութիւն։

Այս ամէնը ցոյց կու տան, որ իրականութեան մէջ սահմանը բանալու առարկայական հիմք այս պահուս գոյութիւն չունի, կամ աւելի ճիշդ ատոր հաւանականութիւնը չափազանց փոքր է։ Էրտողանը այս յայտարարութիւնը կ՚ընէ իբրեւ հեռացող, այսինքն իրական իշխանութիւնը, վարչական ու քաղաքական լծակները ձգող վարչապետ։ Սեպտեմբերին արդէն Էրտողանը ամէնայն հաւանականութեամբ ընտրուած պիտի ըլլայ Թուրքիոյ նախագահ, որ այլեւս հնարաւորութիւն ու լծակ պիտի չունենայ, նոյնիսկ մեծագոյն ցանկութեան պարագային, լուծելու սահմաններու բացման հարցը, որովհետեւ, ինչպէս յայտնի է, այդ երկրին մէջ նախգահի իշխանութիւնը եւ ազդեցութիւնը խորհրդանշական բնոյթ ունին։ Ոչ ոք չի կրնար երաշխաւորել, որ եկող վարչապետը պիտի դիմէ սահմանը բանալու քայլին։

Բացի այդ, անպատասխան կը մնայ այն հարցումը, թէ ինչու յանկարծ Թուրքիան ճիշդ այսպէս, Հայաստանի «գեղեցիկ աչքերուն» համար պէտք է բանայ Հայաստանի հետ սահմանը եւ ատով խնդիրներ ստեղծէ Ազրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ։ Մինչեւ այսօր Անգարան կը յայտարարէր, որ սահմաններու բացումը կարելի է միայն այն պարագային, եթէ հայկական կողմի յաւելեալ զիջումները՝ կապուած Ցեղասպանութեան հարցով պատմաբաններու յանձնախումբով լուծելու, Կարսի եւ Մոսկուայի համաձայնագրերը, այսինքն ներկայիս սահմանները ճանչնալու հետ, ու ճիշդ այնպէս, լաւութեան կարգով, բանալ Հայաստանի հետ սահմանները։

Որոշ տեսակէտներ կան այն մասին, որ այդ քայլին Անգարան կրնար դիմել Միացեալ Նահանգներու ճնշման տակ, որպէսզի թուլանայ Հայաստանի վրայ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը, եւ վերջինս հեռու պահէ Ազրպէյճանին Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելու հարցին մէջ շահագրգռելու նպատակով Երեւանին Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ զիջումներ պարտադրելու մտքէն։ Բայց այս «փաստարկը» շատ թոյլ է։ Մինչեւ այսօր Միացեալ Նահանգները եւ առհասարակ Արեւմուտքը Անգարայէն ոչ թէ ուղղակի կերպով, այլ այդ արձանագրութիւնները վաւերացնելու միջոցով սահմանները բանալու պահանջ ներկայացուցած են։ Եւ Թուրքիան կրնայ ատկէ օգտուիլ՝ թեկուզ իրավիճակէն նուազագոյն կորսուտներով դուրս գալու մղումներէն ելլելով, եւ իբրեւ սահմանը բանալու միջոց, արձանագրութիւնները դնէր վաւրեացման ու նոյնը պահանջէր նաեւ Հայաստանէն, որ այլընտրանք պարզապէս պիտի չունենար։ Ատով Անգարան առարկայաբար ցոյց պիտի տար Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու տրամադրուածութեան լրջութիւնը։

Այս իմաստով թերթի հրապարակումն ընդամէնը ոչ այնքան յաջող մշակուած տեղեկատուական խայծ է, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հակազդեցութիւնը ստուգելու եւ ամէնէն կարեւորը՝ Ցեղասպանութեան 100 ամեակի քաղաքական ազդեցութիւնը թուլցնելու նպատակով։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.