Հրապարակուած է գերեվարուած ատրպէյճանցի հետախոյզի լուսանկարը

\n

 

\n

Horizon Weekly NewspaperԼեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի (ԼՂՀ ՊԲ) մամլոյ գրասենեակը, հաշուի առնելով, որ ատրպէյճանական կողմը կը հերքէ Քարվաճառի ուղղութեամբ ներթափանցման փորձի մասին իրականութիւնը, հրապարակած է հետախուզական խումբի գերեվարուած անդամ Կուլիեվ Շահպազ Ջալալօղլուի լուսանկարը։ 

\n

Նշենք, որ Յուլիս 10-ին, Արցախի Քարվաճառի ուղղութեամբ ատրպէյճանական բանակի յատուկ ուժերու միաւոր մը փորձ կատարած է ներթափանցել Քարվաճառի շրջան: Արցախի Պաշտպանութեան բանակի ձեռնարկած գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք՝ ատրպէյճանական հետախուզական միաւորը յայտնաբերուած է, որուն անդամներուն մէկը ձերբակալուած է, իսկ միւսը փախուստի դիմած են: Հայկական կողմը կորուստներ չէ ունեցած:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.