Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին հայ է. Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան
\n
\n«Ակօս»ի աշխատակից Թովմաս Թէրզիեան, ստորեւ ներկայացուած անդրադարձով լուսարձակի տակ կ՚առնէ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհիի՝ Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի կենսագրութիւնը:
Կարգ մը աղբիւրներ իբրեւ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին կը յիշեն Տոքթ. Սաֆիյէ Ալի Քրէքէլէրի (1894-1952) անունը, որ բժշկագիտութիւն ուսանած էր 1921-ին Գերմանիոյ Ուիզպուրկ քաղաքը։ Տոքթ. Սաֆիյէ կարելի է առաջին թուրք բժշկուհին համարել, բայց ոչ Թուրքիոյ առաջին բժշկուհին։ Այդ տիտղոսին կ՚արժանանայ իրմէ շատ աւելի կանուխ, 1903 թուականին Տոքթ. Զարուհի Սերովբէ Գաւալճեանը։ Այս վերջինը ծնած է 1877-ին Բիւթանիա (Ատափազար)։Հայրը՝ Տոքթ. Սերովբէ Գաւալճեան 1875-ին աւարտած է Պոսթոնի բժշկական Ֆաքիւլթէն։ Այդ թուականէն մինչեւ 1915 ծառայած է Ատափազարի եւ Պարտիզակի մէջ։
Գալով Զարուհի Գաւալճեանի, 1898-ին կ՚աւարտէ Բիւթանիոյ Ամերիկեան Աղջկանց Գոլէճը եւ բժշկութիւն ուսանելու համար կը ղրկուի Չիքակոյի Իլինոյ համալսարանը, ուրկէ 1903 տարւոյ շրջանաւարտներու ցանկին մէջ իր անունը նշուած է «Գաւալճեան Զարուհի, բժշկուհի, Ատափազարը, Թուրքիա» ձեւով։ Զարուհի Գաւալճեան բժշկագիտական դպրոցը աւարտելէ տարի մը ետք կը վեռադարնայ երկիր, բայց կը հարկադրուի որպէս օգնական հօրը մօտ աշխատիլ, որովհետեւ Ապտիւլհամիտ Բ.-ի օրով արգիլուած էր կիներուն բժշկութիւն ընելը։ Ան միաժամանակ վարած է Ամերիկեան Գոլէճի կենսաբանութեան ուսուցիչի պաշտօն։
Ա. Աշխարհամարտի օրերուն Գաւալճեան աշխուժօրէն մասնակցած է մարդասիրական կազմակերպութիւններու օգնութեան ու խնամքի ծառայութիւններուն։ Բիւթանիոյ Ամերիկեան Գոլէճին 1921-ին Սկիւտար փոխադրուելով ան ալ տեղափոխուած է Իսթանպուլ եւ տարրաբանութեան, կենսագիտութեան նման նիւթեր դասաւանդելու կողքին «Տոքթ. Գաւալ» անունով բժշկութիւն ըրած է Սկիւտարի մէջ։
Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեան 30 Յունիս 1969-ին մահացաւ Սկիւտարի մէջ, մարմինը հողին յանձնուեցաւ Ֆէրիգիւղի Հայ Բողոքականց գերեզմանատունը։Տոքթ. Զարուհի Գաւալճեանի ինչպէս կենսագրութիւնը, շիրիմին յայտնութիւնն ալ կը պարտիմ սիրելի բարեկամի մը՝ Շէրէֆ Էթքէրի։ Մահուան տարելիցին առթիւ շիրիմը այցելելու գաղափարն ալ ինք յղացած էր եւ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մենք երկուքս 30 Յունիս Երկուշաբթի օր այցելեցինք շիրիմը եւ աղօթքներ մրմնջեցինք իր հոգւոյն խաղաղութեան համար։
Մեր կարծիքով Տոքթ. Զարուհին արժանի էր մամլոյ գործիչներու, գիտնականերու, հոգեւորականներու եւ համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ յիշատակուելու։ Թէեւ անցեալ տարի Ս. Փրկիչ ամսաթերթի մէջ ալ հրատարակուած էր այս մասին, բայց ապարդիւն մնացին Տոքթ. Գաւալճեանի հաւանական ազգականները գտնելու մեր ջանքերը, ինչպէս նաեւ անխնամ վիճակի մէջ գտնուող շիրմաքարը նորոգելու մասին ալ խօսակից մը չենք կրցած գտնել։ Այս տողերն ալ կը գրենք մի գուցէ որոշ հետաքրքրութիւն առթելու եւ գոնէ յառաջիկայ տարի աւելի արժանավայել կերպով յիշատակելու նպատակով այս եզակի անձնաւորութիւնը։
\n \n