Հայաստան Կովկասի մէջ առաջատար է գիտութեան ոլորտին մէջ
- (0)
\n
\n

\n
Վարկանիշի համաձայն՝ 125 երկիրներու միջեւ Հայաստան 72-րդ տեղը կը գրաւէ «աշխարհի լաւագոյն երկիրները» ցանկին մէջ։ Ուսումնասիրութիւնը կատարած փորձագէտները նկատի ունեցած են մարդկութեան զարգացման գործին երկիրներու ունեցած ներդրումները՝ օգտագործելով ՄԱԿ-ի, համաշխարհային Դրամատան եւ այլ միջազգային հիմնարկներու տուեալները եօթը դասակարգերու մէջ, յատկապէս՝ գիտութիւն եւ արուեստագիտութիւններ, մշակոյթ, խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն, համաշխարհային կարգ, երկրագունտ եւ կլիմա, բարգաւաճում եւ հաւասարութիւն, առողջապահութիւն։
Good Country Index-ի «գիտութիւն եւ արհեստագիտութիւններ» դասակարգին մէջ Վրաստան կը գրաւէ 63-րդ տեղը, Ազրպայճան՝ 95-րդը։Այս դասակարգի առաջատարներն են Մեծն Բրիտանիան, Աւստրիան եւ Կիպրոսը, իսկ վերջինները՝ Լիբանանը, Անկոլան եւ Իրաքը։
\n