43 նորագիրներ համալրեցին ՀՅԴ Գանատայի կառոյցի շարքերը

Անցնող ամիսներուն, 43 նորագիրներ, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին ծառայելու Դաշնակցականի երդումը տալով, միացան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի կառոյցի շարքերուն: Կուսակցական դաստիարակչական յատուկ ծրագիրը բոլորած ըլլալով, նորագիրները համալրեցին Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան», Լաւալի «Սարգիս Զէյթլեան», Համիլթընի «Վռամեան», Վանգուվըրի «Սիմոն Վրացեան», Գէմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէութեանց եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան շարքերը։

*

Որպէս ՀՅԴ արխիւային նիւթ կը հրատարակենք ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Ազդակ շաբաթօրեակ»ի 26 Դեկտեմբեր 1976 թուականի թիւին մէջ լոյս ընծայուած «212 նորագիրներ կ՚անցնին Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, Լիբանանի մէջ» խորագիրը կրող լրատուութենէն հատուածներ։ Սեպտեմբեր 12-ին եւ ապա Սեպտեմբեր 26-ին կայացած երդման երկու արարողութիւններու կնքահայրութիւնը ստանձնած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկերներ Սարգիս Զէյթլեանն ու Հրաչ Տասնապետեանը։

Ստորեւ ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի եւ ընկ. Հրաչ Տասնապետեանի պատգամներէն հատուածներ։

 

«Դուք, մտնելով մեր կազմակերպութեան մէջ, դադրեցաք հասարակ հայեր ըլլալէ, դադրեցաք պարզ հայեր ըլլալէ այլեւս, բայց ոչ թէ դասակարգային իմաստով, ոչ թէ գերակայութեան զգացումի մը իմաստով, այլ այս ժողովուրդին հանդէպ, այս կազմակերպութեան ընդմէջէն, ուխտադրութեան այս պահուն, նոր պարտականութիւններ, նոր յանձնառութիւններ ստանձնող սերունդ իբրեւ: Դուք այլեւս պարզ հայեր չէք ո՛չ թէ անոր համար որ որեւէ տարբերութիւն ունիք ո՛եւէ հայէ, այլ անոր համար, որ բոլորանուէր ծառայութեան յանձնառու կ’ըլլաք ձեր ժողովուրդին նկատմամբ: Դուք այլեւս ոեւէ հայ չէք, ոեւէ հայու չէք նմանիր, պարզ այն պատճառով, որ այլեւս դուք ձեր պարտականութեան ու հանրային ճամբուն վրայ բազմապատկուած հայեր պիտի ըլլաք: Ձեր զոհաբերութեան ճամբուն վրայ բազմապատկուած հայեր պիտի ըլլաք, այս ժողովուրդին ծառայելու ձեր կամքին մէջ խորանարդուած հայեր պիտի ըլլաք եւ ձեր խօսքը, ձեր վճիռը, ձեր կազմակերպութեան կամքը գերիվեր պիտի ըլլայ բոլոր վճիռներէն, անհատական բոլոր ազատութիւններէն, անհատականութեան բոլոր քմայքներէն, եսական բոլոր շահերէն: Երբ որ Դաշնակցութիւնը որոշէ, դուք, իբրեւ կամաւոր բանակ, պիտի գործադրէք, երբ որ Դաշնակցութիւնը զոհաբերութեան կանչէ, դուք, իբրեւ կամաւոր բանակ, ձեր ուխտը իրականացնելու ճամբուն վրայ, դուք պիտի սրբանաք եւ սրբացնէք, դուք պիտի գաղափարականանաք ու գաղափարականացնէք»:

Սարգիս Զէյթլեան

 

«Գիտէք, որ կարգապահութիւնը կեանքի բնական օրէնքն է եւ անոր զանազան արտայայտութիւնները կը տեսնենք անհատներու թէ հաւաքականութիւններու կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ բնական որեւէ երեւոյթի մէջ: Երբ մարդիկ իրարու քով կու գան ու միասին աշխատիլ կ’ուզեն՝ իրե՛նք կը ճշդեն կազմակերպական կանոններ եւ կ’ենթարկուին անոնց: Այս պատճառով ալ ոչ մէկ կերպով ներելի է կազմակերպական կանոններէն ու պարտականութիւններէն նուազագոյն շեղումն իսկ: Եւ ահա թէ ինչո՛ւ ՀՅ Դաշնակցութեան մէջ երկաթեայ կարգապահութիւնը դարձած է բարոյական խոր ըմբռնում: Գաղափարական աշխարհ, ծրագիր եւ կանոնագիր։ Այսինքն՝ ճանչնալ կուսակցութեան առաջադրանքներն ու նպատակները եւ զինուորագրուի՛լ անոր՝ անշեղ կերպով կատարելու համար ա՛յն բոլորը, որ կը պահանջուի անհատ դաշնակցականէն, բարոյական, նիւթական թէ այլ պարտաւրութիւններ ըլլան ատոնք»։

Հրաչ Տասնապետեան

Comments are closed.