Պատասխան Վարչապետ Էրտողանին. Մեր Ակնկալածը Ցաւակցական Խօսքերէն Աւելին Են
\n
\n
\n
Ստորեւ ներկայացուած յօդուածին արաբերէն բնագիրը լոյս տեսած է Լիբանանի Ալ-Նահար օրաթերթին մէջ։
\n
\n
ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
\n
Թրքական, հայկական եւ համաշխարհային առնչակից լրատուական միջոցներ մեծ աղմուկ բարձրացուցին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած յայտարարութեան առթիւ, որ կը վերաբերէր «այն ցաւալի դէպքերուն, զորս դիմագրաւեցին աշխարհի ժողովուրդները Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին, երբ բազում ժողովուրդներ, որոնց կարգին նաեւ` Օսմանեան պետութեան քաղաքացիներ, բազմաթիւ կորուստներ տուին»: Յայտարարութիւնը մասնաւորապէս կ՛անդրադառնար հայ քաղաքացիներու տուած զոհերուն` յայտարարութեան աւարտին Աստուծմէ խնդրելով հանգստութիւն եւ ողորմութիւն անոնց հոգիներուն, նաեւ իր ցաւակցական եւ մխիթարական խօսքերը կ՛ուղղէր զոհերու ժառանգորդներուն:
\n
Այս ամէնը ի հարկէ յայտարարութեան մէջ կրկնելէ ետք, թրքական հանրածանօթ, աւելի քան յիսուն տարիներ կրկնուող յանկերգէն ետք, թէ պէտք է փակուի անցեալի դէպքերու էջը, եւ պէտք է հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր էջ բացուի:
\n
Յայտարարութիւնը անգամ մը եւս կը հաստատէր, որ կատարուած դէպքերուն գնահատական տալը (օսմանեան շրջանի եւ անոնց յետնորդ իթթիհատականներու կողմէ գործադրուած հայկական ջարդերը ցեղասպանութի՞ւն էին, թէ՞ այլ բան) պէտք է յանձնուի պատմաբաններու հայեցողութեան: Վարչապետը կոչ կ՛ուղղէր նաեւ երկու ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները քննարկելու ըստ դարուս պահանջներուն եւ ըմբռնումներուն եւ այլն:
\n
Յայտարարութիւնը տեղադրուեցաւ վարչապետին կայքին վրայ, ինը լեզուներով, որոնց կարգին` արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն եւ թրքերէն: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւուտօղլու շատ արագ արձագանգեց: Լրատուական միջոցներու ընդմէջէն իր գովասանքը արտայայտեց Էրտողանի «յանդուգն» յայտարարութեան համար: Տաւուտօղլու յայտնեց, թէ յայտարարութիւնը ուղղուած է հայերուն, եւ աւելցուց, թէ իրենք կը փափաքին միւս կողմին պատասխանը (ըսել ուզելով, որ գնդակը այժմ հայերու կիսադաշտին մէջն է, կամ, թերեւս, աւելի լաւ ձեւով պատասխանեցէք մեր ողջոյնին):
\n
Ամփոփ կերպով պիտի ներկայացնեմ պարոն վարչապետին յայտարարութիւնը, զոր կարդացի Պոլսոյ մէջ հայերէն եւ թրքերէն լեզուներով լոյս տեսնող «Մարմարա» օրաթերթին մէջ: Պիտի ընդգծեմ, որ յայտարարութեան բովանդակութիւնը կառուցուած է մեծ խնամքով, բծախնդրօրէն. անիկա կը պարունակէ առաւելագոյն չափով դիպուկ բառեր, սերտուած մեկնաբանութիւններ, կը շօշափէ նաեւ վերլուծական կարծիքներ` անցեալի դէպքերուն մասին, եւ թէ ի՛նչ կարելի է ընել ապագային` միասնաբար: Յայտարարութիւնը կ՛ակնարկէր նաեւ զոհերուն (ջարդերուն) յիշատակի օրը թրքական հողերու վրայ նշելու կարելիութեան մասին, ինչպէս որ ամէն տարի ապրիլ 24-ին կը նշուի աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ: Յայտարարութիւնը Թուրքիոյ եւ իր դրացիներուն ապագայի յարաբերութիւններուն մասին որոշ լաւատեսական միտքեր կ՛արտայայտէր եւ այլն, եւ այլն:
\n
Յայտարարութիւնը նախավերջին պարբերութեան մէջ կ՛ըսէ, թէ ժողովուրդները իրենց անցեալին եւ կրած վնասներուն պէտք է արձագանգէն քաղաքակիրթ միջոցներով, հասկացողութեամբ, հասունութեամբ, ապա կ՛աւելցնէ. «Մենք հիմա կ՛ոգեկոչենք քսաներորդ դարու սկիզբները ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրենց կեանքը կորսնցուցած հայերուն յիշատակը, անոնց հոգիներուն հանգստութիւն կը ցանկանք, մեր ցաւակցութիւնն ու մխիթարական խօսքերը կը յայտնենք անոնց թոռներուն»: Վերջին պարբերութեան մէջ վարչապետ Էրտողան նոյն ոճով Աստուծոյ ողորմածութիւնը կը խնդրէ նոյնանման պայմաններու տակ տարբեր ազգերու եւ այլ կրօններու պատկանող զոհերուն համար:
\n
Տեղի սահմանափակութեան պատճառով պիտի չանդրադառնամ վարչապետի յայտարարութեան բովանդակութեան, բացի վերջին պարբերութենէն, որ ամենակարեւորն է: Այդ պարբերութեան մէջ Էրտողան մէկ ու կէս միլիոն զոհուած հայերը կը հաւասարեցնէ եւ նոյնացնէ օսմանեան հպատակ մնացեալ զոհերուն, որոնք խորքին մէջ սպաննուած են տարբեր պայմաններու տակ:
\n
Հայերու սպանութեան պատճառները կը տարբերին մնացեալ զոհերուն պայմաններէն: Օսմանեան կայսրութեան իշխանութեան տակ ապրող մնացեալ ժողովուրդներու զաւակները սպաննուեցան պատերազմի ճակատներուն վրայ, աւելի ճիշդը` թրքական ճակատներու վրայ: Այդ ժողովուրդներուն պատերազմ չէր թելադրուած: Օսմանեան կայսրութիւնը պատերազմի մէջ ըլլալով` չարաչար շահագործեց իրեն հպատակ ժողովուրդներուն զաւակները: Շատեր զէնքը ձեռքերնին ինկան ու չվերադարձան: Ցաւալի էր անշուշտ, բայց հայերուն պարագան ամենեւին կը տարբերէր մնացեալներէն: Օսմանեան բանակ զօրակոչուած հայ զինուորականները նենգօրէն աքսորուեցան Թուրքիոյ խորերը եւ այնտեղ հաշուեյարդարի ենթարկուեցան: Գալով հայ անզէն բնակչութեան` անոնք բռնի տեղահանուեցան դէպի Անատոլու, Միջագետքի եւ Սուրիոյ անապատները: Հայերու պարագան կը տարբերին մնացեալ ժողովուրդներէն, որովհետեւ հայերունը կանխամտածուած, ծրագրուած ոճիր էր, որուն մարդկային քաղաքակրթութիւնը հետագային տուաւ իր արդար գնահատականը` Ցեղասպանութիւն: Հարիւր հազարաւոր հայեր միտումնաւոր կերպով լքուեցան զինուորականներու եւ ոստիկաններու քմայքին: Հարիւր հազարաւոր հայեր ոչնչացան անապատի աւազներուն տակ:
\n
Յօդուածիս նպատակն է խօսքս ուղղել Թուրքիոյ վսեմաշուք արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւուտօղլուին եւ անոր սպասած փոխադարձ քայլին` լաւին եւ իրենց կատարած բարիքը` լաւով պատասխան ստանալու ակնկալութեան: Ի՞նչ բարիքի մասին կը խօսիք, վսեմաշո՛ւք նախարար, երբ ձեր ամբողջ էջ մը գրաւած յայտարարութիւնը իրականութեան եւ գործնականին մէջ ընդամէնը երկու օգտակար նախադասութիւն կը պարունակէր` ողորմածութիւն եւ հանգստութիւն կը խնդրէր զոհերու հոգիներուն եւ ցաւակցութիւն կը յայտնէք անոնց թոռներուն, միայն այսքա՛նը, եւ ասոր համար մենք ձեզի շնորհակալութիւն կը յայտնենք, խորին շնորհակալութիւն: Աստուած թող ընդունի ձեր սփոփանքի խօսքը, որ ձեր կողմէ առնուած ազնիւ քայլ մըն էր: Գալով անցնող դարասկզբին դէպքերու ընթացքին կատարուած պատահարներուն մասին յայտնած ձեր ցաւին, անիկա ընդունելի չէ՛, որովհետեւ դուք անիկա արտայատած էք ոչ ճիշդ ձեւով եւ բացարձակապէս ոչ ճշգրիտ կերպով, նոյնիսկ մոլորեցուցիչ ձեւով, կարծէք անիրաւը արդարացնելու միտումով, թէեւ մենք կը յարգենք յիշատակը բոլոր զոհերուն, ի՛նչ պատկանելութիւն ալ ունենան անոնք. Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար նկարագրել այն պայմանները որոնց մէջ սպաննուեցան հայերը, որոնք շատ աւելի տարբեր եւ ցաւալի էին, քան` մնացեալ ժողովուրդներուն պարագաները:
\n
Մենք` հայերս, վեհանձն ժողովուրդ ենք: Մեր նկարագիրին խորթ է ապերախտութիւնը: Մենք միշտ պատրաստ ենք որեւէ ազնիւ քայլ փոխադարձելու նոյնանման քայլով կամ քայլերով: Մեր ձեռքը միշտ երկարած կը պահենք հաշտութեան եւ որեւէ լուծումի, որ մեզի կը վերադարձնէ մեր արժանապատուութիւնն ու մեր իրաւունքները` խաղաղեցնելով մեր նահատակներուն հոգիները: Սակայն մենք պատրաստ չենք որեւէ կողմի տալու իր հասանելիքէն աւելի բարոյական շահ կամ իրաւունք: Մենք ձեզի հետ ունինք հին եւ նոր դառն փորձառութիւններ, զորս դուք եւս անպայման կը յիշէք:
\n
Մենք այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու հարիւր ամեակի նախօրեակին, Թուրքիոյ նորագոյն պատմութեան կառավարութիւններուն մէջ զօրաւոր եւ վճռական անհատականութեան տէր նորին վսեմութիւն վարչապետ պարոն Ռեճեփ Թայիպ Էրտողանէն կ՛ակնկալենք աւելի վեհանձն դիրքորոշում` բանիւ եւ գործով ընդունելու եւ յայտարարելու` օսմանեան իշխանութեան վերջին տարիներուն, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի եւ Իթթիհատականներու ձեռամբ հայերուն դէմ կատարուածը ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ էր, եւ զայն գործադրողներուն թոռները ներում կը խնդրեն այսօր վերապրողներու թոռներէն` գործադրելով իրենց մարդկային եւ բարոյական պարտականութիւնը քաղաքակիրթ ժողովուրդներու եւ սպաննուած հայերու թոռներուն հանդէպ` քաջաբար ընդունելով (թրքական այժմու կառավարութիւնը) հայերուն հանդէպ իրենց գործած անիրաւութիւնները, յափշտակումները, ոճիրները, վերադարձնել կամ փոխհատուցել մարդկային, նիւթական եւ բարոյական կորուստները: Մէկ խօսքով, չխուսափիլ պատմական ճշմարտութենէն եւ ժխտումի անհեռանկարային քայլերէն: Միայն այն ժամանակ կարելի պիտի ըլլայ նոր էջ բանալ երկու սահմանակից, դրացի ժողովուրդներուն միջեւ:
\n
Իսկ եթէ դուք, առանց ինքնասրբագրումի, ձեր այս յայտարարութեան փոխարէն աւելին կ՛ակնկալէք հայերէն, ապա արտօնեցէք ըսելու, որ այնքան ալ պարզամիտ չենք այսպիսի խորհրդանշական նախաձեռնութիւն մը ընդունելու իբրեւ վիթխարի վեհանձնութեան քայլ: Բաւական միամիտ կը ձեւանաք եւ կը փորձէք իբրեւ հաշտարար ներկայանալ մարդկութեան առջեւ: Այնքան ազնիւ ու մարդկային, որպէսզի ձեր «ժեսթ»-ին առջեւ խոնարհինք եւ մոռացութեան մատնենք ձեր մեծհայրերուն պատճառած մարդկային, նիւթական եւ բարոյական անգնահատելի կորուստները: Ո՞վ կրնայ մոռնալ,ութ դար շարունակ եաթաղանի ձեր վայրագութիւնները, որուն հետեւանքը եղաւ միլիոններու կորուստը, բռնագաղթը, կալուածներու յափշտակումը եւ հազարամեակներու քաղաքակրթութեան մը ոչնչացումը:
\n
Եւ հիմա բացատրեցէ՛ք ինծի, վսեմաշո՛ւք պարոն նախարար, ի՞նչ կը նշանակէ շնորհք ընել մէկու մը, որ անօթութեան եւ ծարաւի մատնած էք, եւ լոկ թրջուած մատ կ՛երկարէք անոր, լաւագոյն պարագային` կէս ընկոյզի կեղեւի մէջ ջուր կու տաք անոր, եւ փոխարէնը կը պահանջէք անոր ներողամտութիւնը, ձեր բոլոր արարքներուն դիմաց… դուք կ՛ընդունի՞ք:
\n
Քուէյթ
\n