Նոր Օրերու Ֆետայիներ Լիբանանի «Մեր Տղաքը»


Յետեղեռնեան հայ կեանքի ամէնէն անկիւնադարձային հանգրուաններէն մէկը կը կազմէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: 1975-1990 երկարած լիբանանեան արիւնալի դէպքերը հայկական սփիւռքին տուին նոր դիմագիծ եւ նկարագիր, մէկ կողմէ Լիբանանէն մեծաթիւ հայութեան արեւմտեան երկիրներ գաղթով, իսկ միւս կողմէ` պատերազմի ընթացքին ձեռք բերուած ազգային գոյատեւման փորձառութիւններու կուտակումով:

Շատ բան գրուած է ու տակաւին պիտի գրուի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մասին: Հայկական դիտանկիւնէ, սակայն, պատերազմի ներկայացման փորձը չ՛անցնիր ընթացիկ լրագրութեան սահմանները: Միակ լուրջ բացառութիւնը պատերազմի 25-ամեակին առիթով «Ազդակ»-ի «Լիբանանի եւ հայութեան համար» լոյս ընծայած հատորն է, որ ազգային-քաղաքական համապարփակ արժեւորման փորձ մը կը կատարէ քաղաքացիական պատերազմին հայութեան որդեգրած կեցուածքներուն, կրած վնասներուն եւ քաղած դասերուն մասին:

 

 

Հետեւաբար ողջունելի է ամէն հրատարակութիւն, որ կը ջանայ տարիներ ետք լոյս սփռել պատերազմին ծանօթ թէ անծանօթ երեսներուն վրայ` նպատակ ունենալով նպաստել հայութեան քաղաքական ինքնուրոյն կեցուածքին եւ դիմագիծին յստակացման:

Պատերազմը, զայն ապրող սերունդին աչքերով, ռումբերով եւ քանդումներով չգրուեցաւ միայն: Զայն գրեցին մարդիկ, հերոսներ, նահատակնե՛ր` իրենց խիզախումներով, հաւաքականութեան մը տէրն ու պաշտպանը ըլլալու համոզումով: Մեր ժողովուրդը, օրին, այդ մարդոց, այդ ընտիր երիտասարդներուն տուաւ «Մեր տղաքը» բնորոշումը:

«Մեր տղաքը» հայութեան անծանօթ զինուորներն են, որոնց մասին նորերը շատ քիչ բան գիտեն: Շատերու ծանօթութիւնը այդ տղոց նուիրուած երգի մը սահմաններէն անդին չ՛անցնիր: Ահա թէ ինչո՛ւ ուշագրաւ հրատարակութիւն մը պէտք է նկատել 2013-ին Մ. Նահանգներու մէջ Մարտիկ Մատէնճեանի պատրաստութեամբ լոյս տեսած «Նոր օրերու ֆետայիներ Լիբանանի «Մեր տղաքը»» հատորը, որ ընթերցողին կը ներկայանայ 478 էջերով եւ 33 գլուխներով:

Մարտիկ Մատէնճեան պատերազմի արհաւիրքին առաջին 7-8 տարիները ճաշակած, ապա Մ. Նահանգներ մեկնած նախկին պուրճհամուտցի մըն է (1938-ի ծնունդ), որ ազգային-կուսակցական նկատառելի գործունէութիւն ունեցած է Նոր Սիսի եւ Արագածի մէջ: Հայրը` Յովսէփ Մատէնճեան նոյնպէս եղած է հաւատաւոր դաշնակցական, Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբի հիմնադիր սերունդի ժամանակակիցներէն մէկը:

Մատէնճեան քաջածանօթ է Պուրճ Համուտի իւրայատուկ մթնոլորտին, տղոց ու դէպքերուն: Ան ունի բաւական հարուստ յուշեր, սակայն իր վաւերագրական ժամանակագրութիւնը, այնպէս` ինչպէս ան կը բնութագրէ իր գործը, անձնականացումէ հեռու պահելու համար յուշերը կը զուգորդէ այդ օրերու լիբանանեան մամուլի հրապարակումներուն հետ եւ, առաջին հերթին, իր տեղեկութիւնները կը հաստատէ համապատասխան թուականներով եւ քաղաքական իրադարձութիւններու վերաբերող մանրամասնութիւններով: Ապա ան կը հետեւի «Լիբանանի եւ հայութեան համար» հատորին ժամանակագրական ընթացքին եւ իւրաքանչիւր դէպքի կամ դէմքի պարագային հիմնական տեղեկութիւններ կը քաղէ հոնկէ` իր կողմէ աւելցնելով լրացուցիչ եւ երբեմն ալ` իսկապէս արժէքաւոր նորութիւններ:

Դէպքերու շղթան ծայր կու տայ 13 ապրիլ 1975-ին, երբ Այն Ռըմմենէի մէջ արձակուած առաջին փամփուշտին արձագանգը կը հասնի Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբը եւ տեղւոյն պատասխանատուները առաջին քայլերը կ՛առնեն շրջանի ժողովուրդը պաշտպանելու համար: Այնուհետեւ, յաջորդական բաժիններով կը ներկայացուին 1976-ի Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութեան, 1978-ի հոկտեմբերեան ռմբակոծումներու, 1979-ի հակահայ գրգռութիւններու դէպքերը, 1982-ի իսրայէլեան ներխուժումը եւ այս բոլորին ընկերակցող Լիբանանի քաղաքական կեանքին մտահոգիչ ելեւէջներն ու զինուորական զարգացումները, հասնելու համար մինչեւ 1989-ի «Ազատագրումի պատերազմ» եւ քաղաքացիական պատերազմի աւարտ:

Միայն հայութեան վերաբերող դէպքերու չ՛անդրադառնար Մատէնճեանին գիրքը: Ան կը փորձէ ընթերցողին ընդհանուր գաղափար մը տալ լիբանանեան պատերազմի գլխաւոր հանգրուաններուն մասին, այդ պատճառով ալ ան առանձին գլուխներով կը ներկայացնէ «Նապաայի դժոխքը», «Սեւ շաբաթը», «Քարանթինա-Տըպպայա կ՛իյնան», «Դրամատուներու կողոպուտը», «Սաֆրայի ջարդը» եւ այլն: Մատէնճեան գիրքին մէջ գլուխ մըն ալ կը յատկացնէ «Մեր տղաքը եւ ահաբեկչութիւնը» նիւթին, ուր լուսարձակի տակ կ՛առնէ 1980-ական տարիներու հակաթուրք պայքարի կարգ մը արտայայտութիւնները: Ան էջեր կը տրամադրէ Մոնթէ Մելքոնեանի Լիբանանի մէջ ունեցած գործունէութեան` իբրեւ հայահոծ թաղերու զինեալ պահակ:

 

 

Մէկ շունչով ընթերցուող այս գիրքի էջերուն ընթերցողը կը հանդիպի Պուրճ Համուտի կարօտով ապրող, անոր փառքը հիւսող եւ հերոսները ոգեկոչող հեղինակի մը, որուն գրիչը կարծէք ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ վերակենդանացնելու համար այն թաղերն ու մթնոլորտը, ուր ծնած, ապրած ու մարտնչած են «Մեր տղաքը»` հայութեան նոր օրերու ֆետայիները: Արդարեւ, պուրճհամուտեան որոշ միջավայրի մը ծնունդն էին այդ աննման սերունդին ներկայացուցիչները: Միջավայր մը, որ հետզհետէ կը տժգունի եւ կը կորսուի: Կ՛արժէ, որ հիները յիշեն, իսկ նորերը ծանօթանան այդ միջավայրի կարգ մը բաղադրիչներուն, պուրճհամուտեան «ֆոլքլոր»-ի մասնիկներուն: Մատէնճեան կը ներկայացնէ զանոնք. «Զոնթրուխ» Հարպիկ, Սինիրը Պոխլու, Այը Զոնթրուխ, Ղապիլլի Աբրահամ, Պարսում Աղա, Ղազարոս, Հայկ Չաւուշ, Ղաֆալը, Ղուլա Ֆիլիք, Ուան Այտ Ճէք, Մէմմէտ Պոզօ, Սաղըր Աբրահամ, Մեճլում Օղլու, Արապաճը Հուման Աղա, Կազիաճի Թորոս, Հաշէօլլէ Մինաս: Քանի մը գլուխ անդին Մատէնճեան կ՛աւելցնէ նոր բաղադրիչներ, նոր անուններ. Թոփալ Ապըտ, Ապու Լէյլ, Ապու Ղատապ, Քոնկ Ֆու, Փանչոս, Սոֆիկ, Հին Ղրուշ, Ֆոսֆոր Անդօ, Վենիւս Անդօ, Ճիյէրիմ Անդօ, Հէնտզ, Ուաթուաթ, Պոզօ Պօղոս, Չիֆ, Քէքէչ Պօղոս, Արպաթաաշ Յակոբ եւ այլն: Աւելի ուշ ընթերցողը կը հանդիպի նաեւ այլ անուններու. Կարպուշ, Ղամպըր Խաչիկ, Խաչիկ Արապեան, Թէնքէր, Աբօ Աշճեան, Սարգիս Ազնաւուրեան, Սերժիկ (Սերժ Թովմասեան), որուն նահատակութեան ամբողջ գլուխ մը կը յատկացնէ ան:

Պուրճ Համուտի հերոսական ու ամբողջական պատմութիւնը տակաւին գրուած չէ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, հեղինակին բառերով, «Պուրճ Համուտ հայահոծ քաղաք մը ըլլալէ աւելի` պիտի դառնար հայու տոկունութեան եւ անոր հաւաքական կեցուածքին հոմանիշը: Պիտի տեսնէր տաք ու պաղ օրեր: Տաք օրերը` կոյր ռմբակոծումներու թիրախ դառնալ, քանդուիլ ու մարտադաշտ դառնալ էին, իսկ պաղ օրերը` յարաբերական խաղաղ օրերն էին, ապահով մթնոլորտի մէջ ապրելով: Պուրճ Համուտ պիտի բնորոշուէր որպէս հայու արժանապատուութեան խորհրդանիշը: Պուրճ Համուտի քայքայուիլը միայն ի շահ թուրք թշնամիին էր. ժողովուրդին տուժելը դարձեալ ի շահ թուրք թշնամիին էր: Ուրեմն, երբ զէնք վերցուցին եւ իրենց հանգիստը զոհեցին, մեր տղաքը կը հաւատային, որ թաղերու հսկողութեան կողքին, նաեւ պահանջատիրութեան զինուորներն էին»:

Մատէնճեան յարգանքի եւ երախտագիտութեան խօսք ունի «Մեր տղաքը» պահած մեր աղջիկներուն: «Գերիներու պէս կ՛աշխատէին. ա՜խ, ներողութիւն, ի՜նչ գերի, մեր աղջիկները նուիրեալներ էին, մայրեր ու քոյրեր, առաւօտեան ժամը ութէն մինչեւ երեկոյեան ութը կ՛աշխատէին: Եթէ անոնք չըլլային, ի՞նչ պիտի ըլլար մեր տղոց վիճակը. անօթի պիտի մնային: Տարբեր դասակարգերու կը պատկանէին անոնք: Կային ուսուցչուհիներ, ԼԵՄ-ական օրիորդներ, ժողովուրդի համեստ աղջիկներ, որոնք շրջանի խաչուհիներու հսկողութեան տակ կ՛աշխատէին: Ամէն թաղի մէջ նոյն տեսարանը կը պարզուէր», կը հաստատէ Մատէնճեան «Մեր աղջիկները» խորագրեալ գլխուն մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին տխուր մէկ երեսն ալ հակադաշնակցական կոյր պայքարն էր հայութեան դաւադիր ուժերուն կողմէ: Մատէնճեան կ՛անդրադառնայ նաեւ այդ երեւոյթին, կը ներկայացնէ զոհեր եւ կը փորձէ գտնել դահիճներու հետքեր: Այս նպատակին համար ան կը յատկացնէ գլուխ մը` «ՄԻԹ-ը հայութեան դէմ» վերնագրով: Ան պրպտումներ կը կատարէ ՄԻԹ-ի այդ օրերու Լիբանանի գլխաւոր պատասխանատուին` Հիրամ Ապասի մասին: Ապաս իսլամացած հրեայ մըն է: Ծնողները Իրանի ազերիաբնակ հիւսիսային շրջանէն գաղթած են Թուրքիա: Ան չորս տարի հետեւած է ամերիկեան գաղտնի գործակալութեան (CIA) ահաբեկչական եւ հակաահաբեկչական գործողութիւններու դասընթացքներուն: Ապաս 1990-ին թրքական «Տեւ սոլ»  ծայրայեղ կուսակցութեան կողմէ ահաբեկուած է իր տան մօտ, Գատըքէօյի մէջ:

«Նոր օրերու ֆետայիները Լիբանանի «Մեր տղաքը»» գիրքը ունի հատորը եզրափակող վերջաբան մը` պատմութեան եւ ճշմարտութեան համար կատարուած արժեւորում մը, թէ` «Լիբանանեան պատերազմի տասնհինգ տարիները պատճառ եղան հայու արդիական նկարագրին կերտումին(ընդգծումը մեր կողմէ -Վ.Ա.): Մեր տղաքը իրենք զիրենք գտան կենաց-մահու դժուարին երկընտրանքին առջեւ: Խաղաղ օրերուն մեր տղաքը «նէյլոն»-է էին, փափուկ, բայց ցոյց տուին, որ ըստ պարագայի, գիտեն տարբեր ձեւ առնել, տարբեր մօտեցում ցուցաբերել, եւ մէկ բռունցք դառնալ հայ ժողովուրդին պաշտպանութեան համար: Զոհուեցան «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» նշանաբանին հետեւելով:

«Քսաներորդ դարու հայ ֆետային ծնաւ իրենցմով: Հրաշալի տղաք էին. հայութեան սիրելիները եղան: Անձնուրացութեամբ ծառայեցին իրենց ժողովուրդին: Եղան անշահախնդիր, պարտաճանաչ, յոգնութիւնը անտեսող, մահէն չվախցող, հակառակ անոր որ ամէն օր կը հանդիպէին մահուան եւ անոր երեսը կը տեսնէին: Երբեք չընկրկեցան, միշտ պատնէշի եւ պարտականութեան ճամբուն վրայ մնացին:… Եւ դեռ, Լիբանանի պատերազմը հազիւ դադրած` մեր տղաներէն շատերը Հայաստան մեկնեցան Ղարաբաղի անկախութեան համար հասարակաց թշնամիին դէմ կռուելու: Զարկին ու զարնուեցան, բայց իրենց զոհողութիւնը ի զուր չեղաւ: Այսօր ունինք երկու հանրապետութիւն եւ երկու դրօշ` մէկի փոխարէն: Պուրճ Համուտը այսօր սրբատեղի պէտք է սեպել, որովհետեւ Մեր Տղոց սրբարար արիւնը թափուեցաւ հոն»:

Մարտիկ Մատէնճեանի գիրքը կ՛արժէ, որ ըլլայ իւրաքանչիւր հայու տան ու գրասենեակին մէջ` իբրեւ հոգեկան սնունդ, ազգային հպարտութեան, դաստիարակութեան եւ խիզախութեան աղբիւր, բոլոր անոնց համար, որոնք իրենց տկարութեան մէկ պահուն կրնան «հայու արդիական նկարագիրը»կորսնցնելու վտանգը դիմագրաւել:

Նկարագիր մը, առանց որուն` շատոնց դադրած պիտի ըլլայինք հա՛յ ըլլալէ, արժանապատիւ ու բարձրաճակատ մա՛րդ ըլլալէ:

 Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.