Հայաստանի Ճատրակի Ազգային Հաւաքականը Պարտութեան Մատնեց Ատրպէյճանի Հաւաքականը
\n
\n ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Մոսկուայի մէջ սկսած է «Տուորքովիչի բաժակ» խորագիրը կրող ճատրակի աւանդական մրցաշարքը, որուն կը մասնակցէին մինչեւ 17 տարեկաններու ազգային հաւաքականները՝ 7 երկիրներէ: Հրաւիրուած խումբերուն մէջ է նաեւ Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մարզիչ, ճատրակի վարպետ Արսէն Եղիազարեանի գլխաւորութեամբ մրցավայր մեկնած է հետեւեալ կազմով՝ Մանուէլ Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Արամ Յակոբեան, Սիրանոյշ Ղուկասեան:
\n Ռուսիոյ եւ Հայաստանի խումբերէն բացի, մրցաշարքին կը մասնակցին Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ուքրանիոյ, Սերպիոյ եւ Ատրպէյճանի ընտրանիները։ Մեկնարկային հանգրուանին Հայաստան մրցած է Ատրպէյճանի հաւաքականին հետ եւ ջախջախիչ յաղթանակ տարած՝ 3,5:0,5 արդիւնքով: 2րդ հանգրուանին հայ մարզիկները 2,5:1,5 հաշիւով զիջած են Ուքրանիոյ ընտրանիին: Մրցաշարքը կը շարունակուի։
\n \n