Պատարագ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս Եկեղեցւոյ Մէջ


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագին ու այս առիթով պատասխանեց տեղացի լրագրողներու հարցումներուն։
Լրատուական կայքերու վրայ կը կարդանք, որ Արամ սրբազանին հարցուած է, թէ հայերը իրենց եկեղեցւոյ մէջ կ՛աղօթե՞ն քրտական հարցով հաշտութեան գործընթացի յաջողութեան համար։ Արամ սրբազան պատասխանած է, թէ հաշտութեան գործընթացը միայն թուրքերուն ու քիւրտերուն հարցը չէ, այլ կը շահագրգռէ Թուրքիոյ մէջ ապրող բոլոր քաղաքացիները, «այս պատճառաւ ալ, մենք եւս միշտ կ՛աղօթենք հաշտութեան գործընթացի յաջողութեան համար»։
Արամ սրբազան դիտել տուաւ, որ Սուրբ Կիրակոսը ներկայիս մնացած է առանց համայնքի, բայց Տիգրանակերտի զաւակները ամէն տարի ուխտագնացութեան կ՛երթան հոն։
«Եկեղեցին, որ տարածաշրջանի ամենամեծ եկեղեցին է, վերանորոգուեցաւ հայ համայնքի ծախսերով ու քաղաքապետութեան զօրակցութեամբ։ Այժմ հայ համայնքին համար մեծ երջանկութիւն է պարբերաբար հոս գալ ու արարողութիւն կատարել», ըսած է Արամ սրբազան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.