Գաղտնապահութիւնը Կը Շարունակուի Տինքի Սպանութեան Հարցով
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութիւնը կը շարունակուի՝ առանց շօշափելի արդիւնքի մը հասնելու կամ մօտենալու։ Թէեւ դիւրին չէ թափանցել դատական կնճռոտ գործողութիւններու եւ կանոններու իմաստէն ներս ու յստակ կերպով հասկնալ, թէ դատավարութիւնը ո՞ր հանգրուանին կը գտնուի, հաղորդուած լուրերէն կարելի է ենթադրել, որ կայ ուժ մը, որ կը դիմադրէ լուծումի մը յանգիլ ուզող դատարանին։
Դատարանը նախորդ նիստէն ի վեր որոշած էր ՄԻԹը )Թուրքիոյ գաղտնի գործակալութեան) հարցաքննել այն մասին, թէ պետական գաղտնիքի հանգամանք ունէի՞ն արդեօք այն փաստաթուղթերն ու տեղեկութիւնները, որոնք Թուրքիոյ խորհրդարանի Պետական հարուածներու հետաքննութեան յանձնախումբին ղրկուած էին եւ որոնց մէջ Տինքի սպանութեան մասին տեղեկութիւններ կային։
Հետաքրքրական է, որ ՄԻԹը դատարանի այս հարցումին պատասխանած է՝ ըսելով, որ կազմակերպութիւնը յանգած է այն եզրակացութեան, որ այս մասին տեսակէտ չի կրնար պարզել։ Այլ խօսքով՝ ՄԻԹը չի կրնար կամ չ՛ուզեր կարծիք յայտնել այն մասին, թէ այս տեղեկութիւնները պետական գաղտնիքի սահմաններուն մէջ կը մտնե՞ն, թէ ոչ։
Դատարանը, սակայն, չէ գոհացած ՄԻԹի այս պատասխանով։ Դատական խորհուրդը նոր դիմում կատարած է՝ ըսելով, որ եթէ ՄԻԹը տեղեկութիւն չի կրնար տալ, ապա գոնէ թող ցոյց տայ մարմին մը, որ այս մասին տեղեկութիւն կրնայ տալ։
Դատարանը Տինքի սպանութեան դատավարութեան յաջորդ նիստի թուական իբրեւ, որոշեց Հոկտեմբեր 17ն։