Շրջանային Վարչութիւններու եւ մարմիններու Շնորհաւորական Այցը՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր

\n

\n

Հայոց Թեմի Առաջնորդ, Գերաշնորհ Տ. Մեղրիկ Եպիսկոպոս Բարիքեան, իր կողքին ունենալով Ազգային Վարչութեան կազմը, գլխաւորութեամբ՝ ատենապետ պրն. Գրիգոր Տէր Ղազարեանի, Չորեքշաբթի, 25 Յունիսի երեկոյեան, ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն, Հորիզոն Շաբաթաթերթի Վարիչ Խմբագիրը, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը եւ Հայ Օգնութեան Միութեան, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութեան Շրջանային Վարչութիւններն ու տեղական կոմիտէութեանց ներկայացուցիչները:

\n

Գործակից կազմակերպութիւններու բոլոր ներկայացուցիչները իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին նորընտիր Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր կարգին հայրական սիրով եւ հոգեկան անհուն ուրախութեամբ, գնահատանքով եւ երախտագիտութեամբ հանդերձ, իր շնորհակալութիւնները յայտնեց բոլորին ջերմ զգացումներուն համար:

\n

Սրբազան Հայրը օրհնեց բոլորին ազնուահոգի ծառայութիւնը, որով միշտ նեցուկ կը կանգնին Ազգային Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակու-թեան սրբազան աշխատանքին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ. «Մեր առաքելութիւնը, ձեզմո’վ կ’իմաստաւորուի: Առանց ձեր հոգատարութեան, մեր աշխատանքները կը դառնան անկատար եւ թերի»:

\n

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.