Սուրիական Բանակի հարիւրապետ Սեւակ Էօլմեսեքեան զոհուեցաւ
1130
0
Սուրիոյ Իտլիպ նահանգի շրջակայքը Խան Շիխուն շրջանի զօրանոցին մօտ կատարուող զինուորական մարտերուն ընթացքին Մայիս 25-ին զոհուեցաւ սուրիական բանակի դամասկահայ հարիւրապետ(1986-ի ծնունդ) տասնապետ Սեւակ Էօլմեսեքեան: Զոհուելուն լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ միայն երէկ:
Ան սուրիական բանակի զինուորական ծառայութիւնը կատարած էր ու կը շարունակէր ծառայել իբրեւ պահեստի զինուոր զանազան շրջաններու մէջ:
Էօլմեսեքեանի հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ` Ուրբաթ, Յունիս 27-ին: