Մահ՝ Տիգրանակերտի «Վերջին» Հայ Բնակիչ Պայծառ Ալթայի
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Տիգրանակերտի վերջին հայ բնակիչներէն 87ամեայ Պայծառ Ալաթա, որ 84ամեայ Սարգիս Սըթքը Էքէնի հետ 60 տարիէ ի վեր եկեղեցական պսակ չէր ունեցած, գերագոյն ցանկութիւն ունէր քաղաքական պսակ ունենալու եւ եկեղեցիի մէջ պսակուելու։ Իր այդ ցանկութիւնը իրականացաւ ամիս մը առաջ, 27 Ապրիլին։ Հայ ամոլը նախ պաշտօնապէս ամուսնացաւ Տիգրանակերտի Քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքի ձեռամբ, ապա պսակուեցաւ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցիին մէջ, ուր արդէն մնայուն բնակութիւն հաստատած էր։
Բայց միայն ամիս մը տեւեց իրենց ամուսնութիւնը։ Պայծառ Ալաթա Երկուշաբթի, 23ին կնքեց իր մահկանացուն։ Ան կ՛ըսէր. «Իմ վերջին շունչը փչելէ առաջ, կը փափաքիմ կրօնական պսակ ունենալ»։
60 տարուան միասնութեան մը երազն էր այդ, որ շնորհուեցաւ իրեն։ Ան կ՛ըսէր. «Տիգրանակերտցի բոլոր հայերը լքեցին այս քաղաքը։ Ես երբեք չլքեցի եւ պիտի չլքեմ»։
Ներկայիս պատրաստութիւններ կը տեսնուին Պայծառ Ալաթանը մեր կրօնական օրէնքներուն համապատասխան ձեւով հողին յանձնելու համար։