Պահչելի կ՚անդրադառնայ սփիւռքահայ «պուպրիկներուն» եւ Ցեղասպանութեան բանաձեւին

\n

\n

ԵՐԵՒԱՆ.- «Երկիր» կը հաղորդէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 99ամեակի նախօրեակին, Թուրքիոյ մէջ շարունակուող հակահայ յայտարարութիւններուն եկած է իր լուման դնելու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելին՝ ըսելով. «Ամէն տարի, Ապրիլ ամսուան ընթացքին, հայկական Սփիւռքի «պուպրիկներ» քաղաքական դաշտ դուրս կու գան եւ կը սկսին ցոյցեր ընելու՝ այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան ճանաչման համար: Անոնք, որոնք Ցեղասպանութիւնը կ՛օգտագործեն մեզի սպառնալու համար, կ՛ըսեմ, որ այդ ժամանակները անցած են, եւ խորհուրդ կու տամ դադրիլ այդպիսի վերաբերումէ: Այդ անամօթ կեցուածքին ժամանակը անցած է: Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին կողմէ այդ բանաձեւին որդեգրումը եւ այդ դէպքը Ցեղասպանութիւն որակելը մեզ ընդհանրապէս չ՛անհանգստացներ եւ որեւէ իմաստ չի ներկայացներ: Այս երկիրի որոշ քաղաքական գործիչները ճամբայ կը բանան անոնց, որոնք «Բոլորս հայ ենք» կ՛ըսէին, սակայն անոնք մեզի համար միայն աղմուկ են: Այսուհետեւ, ի՛նչ կ՛ուզեն՝ թող ընեն: Նախ թող հաշիւ պահանջեն անոնցմէ, որոնք Իրաքի մէջ, Աֆղանիստանի մէջ, կրօնի համար կը սպաննեն մարդիկը, ապա՝ մեր մասին թող խօսին»:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.