ՊԱՊԵԱՆ. «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԻՐԱՒԱԿԱՆ ԴԱՇՏԻՆ ՄԷՋ»

\n

\n

Անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնախումբի նիստի ընթացքին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի արտասանած խօսքին՝ թրքագէտ Անդրանիկ Իսպիրեան հայաստանեան panorama կայքէջին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է.«Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի քայլը անակնկալ էր թրքական կողմի համար։ Այս մասին կը վկայեն մինչեւ իսկ թրքական մամուլի զգացական արձագանգները։ «Անակնկալ քայլ՝ Սերժ Սարգսեանէն», «Հայաստանը անակնկալ մատուցեց Թուրքիոյ» եւ նմանատիպ վերտառութեամբ հրապարակումներու մէջ թրքական մամուլը փաստեց, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը յայտնուած է բաւական բարդ դրութեան մէջ»։

«Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը պարզորոշ կերպով շեշտեց, որ թուրք ժողովուրդի հանդէպ որեւէ թշնամութիւն չկայ։ Փոխարէնը գոյութիւն ունի խնդիրը լուծելու, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան բարոյական հետեւանքներու վերացման ուղղուած ջանքեր գործադրելու ցանկութիւն։ Ըստ էութեան, ակնակրկուեցաւ, որ թրքական կողմէն եւս նման ցանկութեան գոյութեան ամէնէն վառ ապացոյցը պիտի հանդիսանայ 2015-ի Ապրիլ 24-ին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւնն ու գլուխ խոնարհումը։ Ասիկա Անգարայի կողմէ տասնեակ տարիներ վարուող ժխտողական քաղաքականութենէն հրաժարելու, եւ այս ենթահողին վրայ ստեղծուած վարկը փոխելու լաւագոյն հնարաւորութիւնն է», ըսաւ Ա. Իսպիրեան։ 

Ըստ անոր, նախագահի արտասանած խօսքը «արժանի պատասխան էր» թրքական, այսպէս կոչուած «նախաձեռնողական» քաղաքականութեան՝ մասնաւորաբար, Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի ապրիլքսաներեքեան ուղերձին։

«Ցեղասպանութեան հարցին մէջ թրքական արտաքին քաղաքականութեան հիմքը կը կազմէ ուրացումն ու կեղծիքի տարածումը։ Էրտողանի վերջին ուղերձը ցոյց տուաւ, որ անոնք կրնան երթալ անակնկալ քայլերու՝ միեւնոյն ժամանակ չհեռանալով աւանդական քաղաքական ուղղիէն։ Կը կարծեմ, որ 2015 թուականի նախօրեակին որեւէ նմանատիպ քայլ անպայման պիտի ըլլայ», ըսած է Ա. Իսպիրեան։

Թրքագէտը սակայն չի կարծեր, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը որոշում պիտի կայացնէ այցելել Ծիծեռնակաբերդ։

«Թուրքիոյ մէջ ներկայիս գոյութիւն ունեցող քաղաքական եւ հասարակական իրավիճակին մէջ դէպքերու նման զարգացում գրեթէ անհաւանական է։ Թրքական հասարակութիւնը տակաւին պատրաստ չէ Ցեղասպանութեան հարցին մէջ կտրուկ շրջդարձերու։ 80 տարիէ աւելի թրքական վարչակազմը զբաղած է կեղծիքի եւ հակահայկականութեան տարածմամբ եւ ոչ մէկ քաղաքական գործիչ չի կրնար մէկ անգամէն ետ կանգնիլ այդ ուղղիէն։ Սակայն Էրտողանի ուղերձը որոշակի կերպով կը նախապատրաստէ թրքական հասարակութեան յաջորդ համարձակ քայլը», նշեց Իսպիրեան։

Մոտիւս Վիվենտի կեդրոնի ղեկավար Արա Պապեանի կարծիքով՝ Էրտողանի ուղերձէն ետք հայկական կողմի նմանատիպ քայլը ամբողջովին տրամաբանական էր։

«Գնդակը կը գտնուէր հայկական դաշտին մէջ եւ սպասելի էր, որ հայկական կողմը պէտք է հանդէս գար որոշակի նախաձեռնութեամբ։ Այս առումով՝ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի կողմէ՝ Թուրքիոյ ապագայ նախագահին ուղղուած հրաւէրը բնական քայլ էր», ըսաւ Պապեան։

«Ինչ կը վերաբերի այս քայլի արդիւնքներուն, ապա չեմ կարծեր, որ Թուրքիոյ ապագայ նախագահը պիտի գայ Հայաստան։ Ատիկա պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան ճանաչում, ինչ որ, բնականաբար, Անգարան ինքնիրեն չի կրնար արտօնել։ Հաւանական է, որ Երեւան պիտի ժամանէ որոշ թրքական պատուիրակութիւն մը՝ առաւելագոյնը փոխնախարարի գլխաւորութեամբ, որ պիտի չայցելէ Ծիծեռնակաբերդ», աւելցուցած է ան։

Մոտիւս Վիվենտի կեդրոնի ղեկավարը կը կարծէ, որ հարցի լուծումը կը գտնուի իրաւական դաշտի մէջ։

«Հարցը պէտք է տեղափոխուի իրաւական դաշտ։ Իմ խորին համոզմամբ, պէտք է քննարկուին ոչ թէ Ցեղասպանութեան, այլ ատոր հետեւանքներու վերացման հարցերը։ Ասիկա առաջին հերթին կ՚ենթադրէ Թուրքիոյ կողմէ հայկական պատմական հողերու ապաբռնագրաւում։ Միայն իրաւական դաշտին մէջ մենք կրնանք լուծել մեր առջեւ դրուած խնդիրները», ըսած է Արա Պապեան։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.