Հայրենի Հողին Կանչը Զաւարեանականները Արցախ Բերած Է

\n

\n

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».– Արցախցի պատանիները անհամբեր կը սպասեն ամառնային արձակուրդներուն, որովհետեւ այդ ժամանակաշրջանին է, որ սփիւռքէն ժամանած երիտասարդներ եւ ուսանողներ Արցախի մէջ կը կազմակերպեն երկշաբաթեայ, երբեմն նաեւ երեք շաբաթ տեւողութեամբ ճամբարներ:
\n Արդէն 10 տարի է Լիբանանի Զաւարեան ուսանողական միութիւնը (ԶՈՄ) Արցախի մէջ կ՛իրականացնէ տարբեր ծրագիրներ, որոնց կարգին նաեւ կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբարներ, որոնց կը մասնակցին 9-16 տարեկան պատանիներ:
\n ԶՈՄի կողմէ կազմակերպուած ճամբարներուն աշխարհագրութիւնը շատ յստակ է. անոնք 10 տարի շարունակ գործունէութիւն ծաւալած են եւ ճամբարներ կազմակերպած Քաշաթաղի շրջանի տարբեր համայնքներուն մէջ:
\n Արցախի եւ առհասարակ հայրենիքի մէջ ճամբարներու կազմակերպումը իր դրական ազդեցութիւնը կ՛ունենայ ո՛չ միայն տեղւոյն երիտասարդներուն եւ պատանիներուն, այլ նաեւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն վրայ, որոնցմէ շատեր առաջին անգամ ըլլալով Արցախ կ՛այցելեն։
\n «Վերջին 10 տարիներուն ընթացքին ԶՈՄը ճամբարներ կը կազմակերպէ հիմնականին մէջ Քաշաթաղի մէջ», «Ապառաժ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշեց Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ ԶՈՄի ներկայացուցիչ Լեւոն Աւետանեան։ «2013 թուականին ԶՈՄը ճամբարներ կազմակերպած է Մոշաթաղի, Տիգրանաւանի, Սարաթաղի եւ Այգեհովիտի մէջ: Վերջին տասնամեակին ԶՈՄը ճամբարներ կազմակերպած է Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: Իւրաքանչիւր տարի առնուազն երկու կամ երեք շրջաններու մէջ կը կազմակերպուին ճամբարներ: Լիբանանի մէջ մեր տարեկան աշխատանքներու ծրագրաւորման ընթացքին մեծ ուշադրութիւն կը դարձնենք ճամբարներու կազմակերպման ծրագիրին, որ շարունակական բնոյթ պիտի կրէ: Այս տարի ճամբարներ պիտի կազմակերպուեն Հայաստանի Կոտայքի մարզին եւ Բերձորի մէջ»:
\n Սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն կողմէ կազմակերպուած ճամբարները դաստիարակչական կողմ ունենալէ բացի, նաեւ ուսուցողական բնոյթ ունին. «Բնականաբար, իւրաքանչիւր ճամբար կ՛ունենայ իր դաստիարակչական բաժինը եւ ժամանցի բաժինը», ըսաւ Լեւոն Աւետանեան. «Ճամբարին ընթացքին երեխաներուն կը բաժնուին շապիկներ, որոնց վրայ պատկերուած կ՛ըլլայ տուեալ տարուան ճամբարի խորհրդանիշը: Ճամբարի առօրեան յագեցած կ՛ըլլայ ուսուցողական ծրագիրներով եւ դասընթացքներով: Սփիւռքի երիտասարդները համակարգիչ, պատմութիւն, անգլերէն լեզու եւ այլ նիւթեր կ՛ուսուցանեն արցախցի պատանիներուն: Անոնք նաեւ իրենց փորձառութիւնը կը փոխանցեն տեղւոյն պատանիներուն, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ ճամբարներուն ընթացքին սերտ կապ կը հաստատուի ԶՈՄականներուն եւ Քաշաթաղի շրջանի երեխաներուն միջեւ: Քաշաթաղի մէջ ամէն տարի անհամբեր կը սպասեն ԶՈՄականներու այցելութեան եւ անոնց կազմակերպած ճամբարներուն: Եւ ամէն տարի, երբ նոր խումբ կ՛այցելէ Արցախ, երեխաները անուններով կը յիշեն նախորդ տարիներու կազմակերպիչները եւ կը հարցնեն բոլորին մասին: Առհասարակ, Արցախի առնչուած մեր ծրագիրները մինչ օրս սահմանափակուած են ճամբարներու կազմակերպումով, բայց, կը կարծեմ, թէ զուգահեռաբար այլ ծրագիրներ ալ պիտի մշակուին՝ Արցախի մէջ կեանքի կոչուելու համար»:
\n Լեւոն Աւետանեանի համաձայն՝ զաւարեանականները Արցախ բերած է հայրենի հողին կանչը. «Հայրենի հողին կանչն է, որ զաւարեանականները Արցախ բերած է: Ճիշդ այդ պատճառով է, որ արդէն 10 տարի է ի վեր անոնք մեծ եռանդով ու խանդավառութեամբ կը սպասեն ամրան, որպէսզի Արցախ գան»։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.