Հայերը Սպիտակ Տան Դիմաց Բողոքի Ցոյց Կազմակերպեցին` Օպամայէն Պահանջելով Դադրեցնել Հալէպահայերուն Դէմ Յարձակումները
Յունիս 13-ին, Ուաշինկթընի մէջ ամերիկահայութիւնը սուրիահայերուն սատարելու կոչով բողոքի ցոյցեր կատարեց Սպիտակ տան դիմաց:
Ցուցարարները կոչ ուղղեցին նախագահ Պարաք Օպամային` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու դադրեցնելու համար թիրախաւորուած ռմբակոծումները Հալէպի հայ բնակչութեան դէմ եւ բարձրացնելու իրազեկուածութիւնը հայ համայնքի զգալի հատուածին համար հայրենիք հանդիսացող սուրիական հիւսիսային քաղաքներու վերահաս ոչնչացման մասին: «Հալէպի բնակչութիւնը կը տառապի անողոք ռմբակոծումներու պատճառով, իսկ Նոր գիւղի հայկական համայնքը կը գտնուի թրքական կառավարութեան կողմէ օժանդակուող ժիհատական խումբերու յարձակումներու ամբողջ ծանրութեան տակ: Ժամանակն է, որ նախագահ Օպամա արագ ճնշումներ գործադրէ Թուրքիոյ վրայ` ստիպելով դադրեցնել այս դաժանութիւնները», հաղորդեց Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Լիպարեան:
Բողոքի ցոյցերը շարունակութիւնն էին 12 յունիսին Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեանի նամակին` ուղղուած նախագահ Պարաք Օպամային: Նամակին մէջ Խաչիկեան Սպիտակ տան յորդորած էր «հարկադրաբար միջամտել` օժանդակելու Հալէպի արիաբար մաքառող եւ անպաշտպան բնակչութեան»:
Ան նաեւ Օպամայէն պահանջած էր «եկող շաբթուան ընթացքին արտակարգ նիստի հրաւիրել ամերիկահայ համայնքի կրօնական, քաղաքացիական, բարեգործական ընկերութիւններու եւ համայնքային առաջնորդներուն հետ` քննարկելու Հալէպի փրկութեան գործողութիւններու ծրագիրը»: