Քեսապի մէջ աւերած են հայկական եկեղեցին ֊ video


Քեսապի գրաւման սկզբնական օրերուն, հայկական բնակավայրը գրաւած զինեալները յատուկ տեսերիզներ սփռելով ցոյց կու տային, թէ հայկական եկեղեցիները ոչ մէկ վնասի կամ սրբապղծման արարքի ենթարկուած են եւ թէ անոնք կը գտնուին իրենց հոգածութեան ու խնամքին տակ…

Ահաւասիկ, Քեսապի ազատագրումէն ետք, սուրիական Ալ Իխպարիա Սուրիա հեռատեսիլի կայանը, ցոյց կու տայ Քեսապի Ս. Երրորդութիւն հայ աւետարանական եկեղեցին, որուն գմբէթներուն խաչերը ծռած են իսկ եկեղեցւոյ ներսը աւերած ու նստարաններն ու կահոյքը քանդած են։ Ահաւասիկ ահաբեկչական խմբաւորումներու զինեալներու «հոգածութիւնը»…

տեսանիւթը դիտել հոս

https://www.youtube.com/watch?v=4hTCMwkIwgE


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.