Քարվաճառը օժտուեցաւ ջրամատակարարման համակարգով

\n

\n

Մինչեւ վերջերս, հիւսիսարեւմտեան Արցախի մէջ գտնուող Քարվաճառ գիւղը հոսող ջուր չունէր: Համայնքի բնակիչները վստահաբար ամերիկացիներուն չափ ջուր չեն գործածեր, սակայն ունին միեւնոյն էական կարիքները: Թէեւ Քարվաճառն ու իրեն մաս կազմած ամբողջ շրջանը շուտով պիտի օգտուին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կողմէ կառուցուող ու տեղուոյն բնակավայրերը եզերող Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիին շնորհիւ նախատեսուած առեւտրական աճէն, շրջանը կը շարունակէ մնալ Արցախի ամէնէն թերզարգացած տարածքը, որ նաեւ ծանր վնաս կրած է պատերազմին ընթացքին:

\n

Հոսող ջուրի չգոյութիւնը կը նշանակէ, որ գիւղական համայնքներու բնակիչները ստիպուած են ջուր հաւաքելու աղբիւրներէ, ջրհորներէ կամ երբեմն՝ կեդրոնական ջրհաններէ: Շատ ընտանիքներ իրենց հաւաքած ջուրը կը պահեն տնային յարմարցուած ջրամբարներու մէջ՝ յաճախ այս նպատակին համար օգտագործելով աղբի թիթեղներ, որոնք ընդհանրապէս մօտ 32 կալոն ջուր կ՛առնեն:
Նոյնիսկ եթէ նման քանակով կարելի ըլլայ հոգալ խմելու եւ եփելու կարիքները, բաւարար ջուր պիտի չմնար լոգանքի, ակռաներու խոզանակման, հագուստներու ու պնակեղէնի լուացման եւ տնային մաքրութեան համար: Աւելին, ի տարբերութիւն ծորակէ հոսող ջուրին, տնային ջրամբարներու ջուրը զտուած չէ: Իրօք, անոնց մէջ մթերուած հեղուկը դիւրաւ կրնայ լճացած ջրակոյտի վերածուիլ՝ տեղ տալով զանազան ջրածին եւ յաճախ վարակիչ հիւանդութիւններու:
 
Քաջ գիտակցելով մաքուր ջուրի անհրաժեշտութեան եւ հասարակական առողջութեան վրայ ունեցած անոր հսկայական դրական ազդեցութեան՝ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը բարձրագոյն չափանիշներով ջրամատակարարման համակարգ մը կառուցեց 570 բնակիչ ունեցող Քարվաճառի համար: Ծրագիրը, որ արժեց աւելի քան 400,000 տոլար, կ՛ընդգրկէ հինգ մղոն երկարութեամբ խողովակային ցանց մը, որ կապուած է գիւղի 120 բնակարաններուն, ինչպէս նաեւ երկու ջրամբար՝ 26,400 կալոն ընդհանուր տարողութեամբ, մատակարարման կանոնաւորութիւնը եւ ջուրի համաչափ հոսքը ապահովելու համար:

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.