Մոնթրէալի թրքական կազմակերպութեան կոչը Գանատայի կառավարութեան
- (0)
\n
\n
Մոնթրէալի թուրքերը կ՚ըսեն, որ հայերը կը պնդեն, որ Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը ցեղասպանութեան ճամբով փորձած է կայսրութեան ամբողջ հայ բնակչութիւն բնաջնջել։ «Այս պնդումները շատ լուրջ են եւ չեն կրնար քանի մը գանատացի երեսփոխաններու կողմէ վճռուիլ կամ դատուիլ։ Ահա թէ ինչու, կուրք համայնքը կ՚ուզէ, որ գանատական կառավարութիւնը կոչ ուղղէ՝ կազմելու միջազգային հետազօտական խմբակ մը։ Այս խմբակը պիտի ներառէ ամէն տեսակէտի տէր հաւաստի պատմաբաններ», որոնք պիտի կարենան անկաշկանդ կերպով ուսումնասիրել Թուրքիոյ, Հայաստանի, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ այլ արխիւները, ինչ որ պիտի նպաստէ «անկողմնակալ եւ ակադեմական եզրակացութեան մը հասնելու»։
«Չենք ուզեր, որ մեր կառավարութիւնը միայն հայկական սփիւռքին պնդումներուն վրայ հիմնուելով կողմ ըլլայ։ Այդպէս վարուիլը ծագումով թուրք եւ հայ գանատացիներուն միջեւ ատելութիւն եւ անվստահութիւն կը հրահրէ։ Մենք չենք ուզեր, որ մեր զաւակները, Գանատայի կառավարութեան անտեղեակութեան վրայ հիմնուած կեցուածքին հիմամբ, իրենց դպրոցներուն մէջ մեկուսացուին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
\n \n