Սուրիահայութեան Համար Նուիրատուութիւնները Միացեալ Նահանգներու Ափերէն
1416
0
Կլէնտէյլ, Քալիֆ. (Յունիս 9, 2014).- Սուրիահայութեան ճգնաժամային դրութեան շարունակութեամբ նորանոր զոհեր կը խլուին Հալէպէն Դամասկոս ու Քեսապ: Ամերիկայի Արեւելեան ափի հայ գաղութները կը շարունակեն նիւթական օժանդակութիւն հայթայթել Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնին (ՍԱՐՖին), որուն գլխաւոր նպաստը կու գայ արեւմտեան ափէն:
Հայ Ամերիկեան Հիւանդապահներու Միութիւնը, որ հաստատուած էր 1988ի Հայաստանի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ, կեդրոնացուցած է իր ուշադրութիւնը նոր աղէտին վրայ: Ըստ կազմակերպութեան նախագահ Տոքթ. Զարմինէ Նագգաշեանին, հիւանդապահները իրենց նուիրատուութիւնները կատարեցին «փոխան միութեան տրամադրուելիք կաղանդի նուէրներու»: Այսպէսով 3,500 տոլար հանգանակուեցաւ:
Կլէնտէյլի Ուսուցիչներու Ընկերակցութիւնը, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 1,200 ուսուցիչներ՝ տեղական մասնաճիւղերէն մին է Քալֆորնիոյ Ուսուցիչներու Ընկերակցութեան: Ընկերակցութեան նախագահ Ֆիլիս Միլըրը 500 տոլարի նուիրատուութիւն մը փոխանցեց ՍԱՐՖի Գործադիր Մարմնի ատենապետ Զաւէն Խանճեանին: Ընկերակցութեան փոխ-նախագահ Թալին Արսէնեանը գնահատած է Խանճեանի բծախնդրօրէն պատրաստուած տեղեկութիւնները, որակելով զայն «դասարանի յարմար»:
Մասաչուսէց նահանգի Պոսթըն Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Ընկերակցութիւնը 1,000 տոլար հանգանակած է եռագոյն աւարտականներու վզկապներ վաճառելով, որոնք աւարտականները հագած են վկայականաց բաշխման արարողութիւններու ընթացքին: Համալսարանի Լիբանանեան ակումբը տրամադրած է գումարին մէկ երրորդը:
Միշիկըն Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Ընկերակցութիւնը հանգանակած է 3,500 տոլար. Տիթրոյթի Հայ Կանանց Ակումբը՝ 500 տոլար. Ֆիլատելֆիոյ Հայկական Միջ-Գաղութային Յանձնախումբը՝ 1,000 տոլար. նմանապէս Մէրիլանտ նահանգի Ուէսթ Ֆրէնտշիփ քաղաքէն Ռաֆֆի Եուսէֆեանի բարեկամները հանգանակած են՝ 1,000 տոլար: Կլէնտէյլի «Fighting Club»ը 1,100 տոլար հանգանակեց խառն մարտարուեստի Մայիս 17ի սեմինարին: Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Մաթէօ շրջանէն Տէր եւ Տոքթ. Ապրահամ եւ Մարիան Եագուպեանները հանգանակած են 1,200 տոլար փոխան նուէրներու իրենց մանչին տարեդարձին առիթով:
Վարուժան Գունտաքճեանի բարեկամները «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ շնորհուելուն առիթով Քեսապի համար Կլէնտէյլի մէջ հանգանակեցին 75,000 տոլար: Ձեռնարկը նաեւ առիթ մըն էր Գունտաքճեանի 80րդ տարեդարձը տօնելու:
Յառաջիկայ Ձեռնարկ.–
12 ամեայ Էլիզապէթ Քուպաթեան որոշած է հանգանակութեան արշաւ կատարել Քէնիթիքէդ նահանգի Նիւ Հէյվըն քաղաքի Ալէքս եւ Անի հաստատութենէն ներս, Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2014ին, երեկոյեան ժամը 5էն 7ը (284 New York Street, New Haven, Conn): Հետաքրքրուողները կրնան պատառ մը ուտել եւ իրենց գնումներուն 15 առ հարիւրը պիտի տրամադրուի ՍԱՐՖին: Քուպաթեանի հետ կապ կարելի է պահել NKBTN3@gmail.com ե‑նամակի հասցէով:
Գաղութի անդամներ որոնք մտահոգ են Սուրիահայութեան դիմագրաւած վտանգներով, իրենց տարեդարձներուն եւ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցել ՍԱՐՖին, օգնութեան ձեռք երկարելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն որոնք օրական կը դիմագրաւեն վտանգներ եւ ապրուստ ապահովելու անհնար պայմաններ, յաճախ զրկուած են ամենէն տարրական պէտքերէ կամ բաւարար սնունդ հայթայթելէ իրենց ընտանիքներու: Հոգեկան եւ մարմնական բեռները ծանր կը ճնշեն ոչ միայն մանուկներուն, այլ նաեւ չափահասներուն վրայ:
Ձեր նուիրատուութիւնները կը թեթեւցնէ իրենց ցաւերը եւ գոյատեւելու յոյս կու տայ: Կը խնդրուի ձեր տուրքէ-զերծ նուիրատուութիւնները ուղղարկել Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 հասցէին կամ կայքէջին միջոցաւ www.SyrianArmenianReliefFund.org:
***
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին հետեւեալ անդամներով.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Մեր հասցէն է՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209‑1948: Համացանցի հասցէն է՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org :