«Հայ Եղբայրներուս Եւ Սիրելի Հրանդին». Թուրք Լրագրողին Մրցանակ Շահած Յօդուածը


Թրքական «Ռատիքալ» թերթի յօդուածագիր Օրալ Չալըշլարը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու զարգացման եւ Թուրքիոյ մէջ բնակող հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին մէջ ունեցած զգալի ներդրման համար այս տարի ստացած է մրցանակ:

Տարեկան դրութեամբ լրագրողներուն տրուող այդ մրցանակը արդէն ունի 4 տարուան պատմութիւն եւ կը կազմակերպուի Պոլսոյ Մշակոյթի համալսարանի «Համաշխարհային աշխարահաքաղաքական միտումներ» կեդրոնի կողմէ: Մրցանակաբաշխութիւնը այս տարի կազմակերպուած էր Շուէտի հիւպատոսարանին մէջ: Օրալ Չալըշլարին մրցանակը յանձնած է վերոնշեալ համալսարանի նախագահ Սեմահաթ Տեմիրը:

Հեղինակին մրցանակ ապահոված է 25 Ապրիլին հրապարակած «Հայ եղբայրներուս եւ սիրելի Հրանդին» խորագրեալ յօդուածը, ուր կը նշուի, որ Հրանդ Տինքի կեանքը, ըստ էութեան, Թուրքիոյ իր անցեալին հետ առերեսելու, Հայաստան-Թուրքիա սահմանները բանալու եւ սահմանէն միւս կողմ բարեկամութեան կամուրջներ հաստատելու ջանք էր: Չալըշլար փափաք յայտնած է, որ Տինքը կենդանի ըլլար եւ տեսնէր Ապրիլ 24ի առիթով Թուրքիոյ վարչապետին յղած ցաւակցական ուղերձը, որ, հեղինակին համաձայն, բաւականին ուշացած նախաձեռնութիւն էր:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.