Վանի մէջ կը շարունակուի հայկական եկեղեցիներու եւ գերեզմաններու պղծումը


 

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Վանի ԷտրԷմիթ շրջանին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին և գերեզմանատունը թուրք գանձախոյզներու կողմէ կը շարունակուին աւերուիլ։ Այս մասին կը հաղորդէ Hye Tert-ը, իր տեղեկութիւնները քաղելով evrensel.net կայքէջէն։

Գրեթէ ամբողջութեամբ քանդուած հայկական եկեղեցւոյ մօտ գտնուող և մինչև 1915 հայաբնակ թաղամասի բնակիչներու ննջեցեալներու հանգստավայրը եղող գերեզմանատունը կը շարունակուի պղծուիլ։

Ոսկի եւ  թանկարժէք այլ իրեր փնտռելու ընթացքին գանձ փնտռողները փորուած գերեզմաններէն դուրս հանած են թաղուած անձերու աճիւնները ու ոսկորները շպրտած աջ ու ձախ։ ԷտրԷմիթի շուները իրենց կարգին այդ ոսկորները հասցուցած են մինչև բնակելի թաղամասերը։

 Շրջանի բնակիչներէն Եուսուֆ Չիչեք կը նշէ, որ Վանի շրջանի մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան վարչութեան պաշտօնեաները կը խուսափին խօսիլ այս մասին։

ԷտրԷմիթը հին հայկական Արտամետ բնակավայրն է, որ կը գտնուի Վանէն 12 քլմ. հեռաւորութեան վրայ։ Նշանաւոր էր իր քաղցրահամ խնձորներով։

Ըստ աւանդութեան, քաղաքը հիմնած է Արտաշէս Ա. թագաւորը, իր կնոջ՝ Սաթենիկ թագուհիին համար որպէս ամառանոց։

1877-ին Արտամետը 400 տուներով հայկական մեծ բնակավայր էր, ուր կ՚ապրէին նաեւ թուրքեր։ Արտամէտի իսլամները կ՚ապրէին լիճի ափերուն մօտ, իսկ հայերը բարձունքին։ Թրքական յաճախակի բռնարարքներու պատճառով տարիներու ընթացքին բնակչութեան թիւը կը նուազի։

1909-ին Արտամետը ունէր 500 տուն բնակչութիւն, որուն 150 հայեր, իսկ մնացեալը թուրքեր։ Մինչեւ 1915 կանգուն էր Ս. Աստուածածին եկեղեցին։ Հայերը ունէին նաեւ ամենօրեայ վարժարան։

1915-ին, Արտամետի հայերը մասնակցած են Վանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն եւ նահանջող ռուսական զօրքերուն հետ հաստատուած են արեւելեան Հայաստան։

Հայկական գերեզման մը նկարուած տարիներ առաջ նախքան պղծումի ենթարկուիլը 

 

Արտամետը այսօր


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.