3000 թուրքեր Հոլանտայի մէջ բողոքի ցոյց կը կատարեն Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի տեղադրման առթիւ
1490
0
\n
\n
Յունիս 1-ին, Հոլանտայի Ալմէլօ քաղաքի Հայոց ցեղասպանութեան նորաբաց յուշահամալիրի տարածքին մօտ հարիւրաւոր թուրքեր հավւաքուած էին՝ բողոքելու Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանի տեղադրման դէմ, որուն բացումը տեղի ունեցած էր Ապրիլ 24-ին: ըստ ոստիկանութեան տուեալներուն, մօտաւորապէս 3000 թուրքեր երկրի տարբեր վայրերէ ժամանած էին ցոյցի: Ցոյցը կազմակերպուած էր Հոլանտայի թրքական լոպպիական կազմակերպութեանց կողմէ։
\n
Թուրք ցուցարարները պահանջած են քանդել յուշարձանը։ Հոլանտական մամուլը կը յայտնէ, թէ Ալմէլոյի քաղաքապետարանը չէ ընդառաջած թուրքերու այս պահանջքին, որովհետեւ համապատասխան լիազորութիւններ չունի. յուշահամալիրի կառուցման թույլտուութիւնը կատարուած է պատշաճ, իսկ յուշարձանը կը գտնուի Ալմէլոյի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ պատկանող հողատարածքին մէջ:
\n
\n