Շատախի (Վան) հայկական եկեղեցիներն ու մշակութային ժառանգութիւնը փրկելու փորձ
\n
\n
Շատախի մէջ յայտնաբերուած հայկական եկեղեցւոյ աւերակներ
\n
Էրճան Էօքսիւզ «ՍԵՍ Թիւրքիյէ» կայքին վրայ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Վանի մշակութային պատմութեան մեծամասնութիւնը թաղուած է նահանգին մէջ տարածուած եկեղեցիներու եւ գիւղերու փլատակներուն տակ։ Վանի Շատախ գաւառին մէջ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւն մը այժմ բազմամշակութային ապագայ մը կերտելու նպատակով՝ այդ պատմութիւնը փլատակներուն տակէն դուրս կը բերէ։
Չաթաք (Շատախ «Հ») կենսոլորտի եւ պատմութեան պահպանութեան ընկերակցութիւնը (Չաթաք-Տեր) կը յուսայ, որ պատմական վայրերն ու անոնց հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն անունները ճշդելը պիտի նպաստէ հասարակութեան անցալի հետ առերեսման։
Ծրագիրին ղեկավարն է Չաթաք-Տերի ատենապետ Ալի Սուլամազ, որ ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ Վանէն «ակամայ այլասերած հայ ընտանիքի մը թոռնիկը»։ Ան տասնամեակներ արտասահմանի մէջ ապրելէ ետք՝ 2010-ին վերադարձած է Թուրքիա։ Անոր կազմակերպութիւնը առայժմ հայկական շարք մը եկեղեցիներու անուններն ու վայրերը ճշդած է։
Սուլամազ «ՍԵՍ Թիւրքիյէ»-ի յայտնած է, որ իր մեծ մայրը հայ մըն էր, սակայն անոնցմէ էր, որ «1915-ի դէպքերուն» ընթացքին չէ ջարդուած եւ հետագային իսլամացած է։ Ան նշած է, որ միշտ ալ հայկական արուեստով հմայուած է, եւ վեց ամիս ամբողջ Շատախի մէջ շրջած է եւ արժանի բոլոր վայրերը տեսած։ Հետագային կարգ մը հայ բարեկամներէ փաստաթուղթեր հաւաքած է եւ վայրերուն անունները ճշդած։
Սուլամազ կը յուսայ, որ կազմակերպութեան աշխատանքը պիտի նպաստէ պատմական վայրերու վերականգնման, ինչպէս նաեւ Շատախին ապահովէ կրօնական ու բնութեան զբօսաշրջութիւն։ Ան մտադիր է ապագային զբօսաշրջիկներու ուղղեցոյց մը հրատարակելու։
Սուլամազ կ՚ըսէ, որ իրենց նպատակը մարդոց իրենց ապրած վայրին ծանօթացնելն է եւ այդ շրջանները ներկայացնելը։ Դարերով միասնաբար ապրած քիւրտերը, հայերը եւ թուրքերը երեք լեզուներով դարձեալ պիտի այցելեն այս պատմական վայրերը։ Ան կը յուսայ, որ այդ մէկը գործազուրկ երիտասարդութեան համար գործի առիթներ ստեղծէ եւ նահանգին բոլոր գաւառներուն տնտեսութեան նպաստէ։
Տեղւոյն բնակչութիւնը կ՚աջակցի ծրագիրին։ Որմնադիր 34-ամեայ Քերեմ Էլպիր բնակչութեան կոչ կ՚ուղղէ տէր կանգնելու հայկական ժառանգութեան՝ նշելով, որ հայ ժողովուրդը մեծ ներդրում ունեցած է Շատախի մէջ, ուստի բոլորը պէտք է տէր կանգնին «հայ ժողովուրդին մեզի ձգած արժէքաւոր ժառանգութեան»։ «Այսպիսի ծրագիրները մեզի կը յիշեցնեն մեր պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ բոլորս միասնաբար կ՚ապրէինք, եւ ես մինչեւ վերջ ատոր պիտի աջակցիմ», «ՍԵՍ Թիւրքիյէ»-ի ըսած է Էլպիր։
Յ.Գ. Նշենք, որ Իրանի սահմանին մօտ գտնուող Շատախի քաղաքապէտն է քրտական Խաղաղութիւն եւ Ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ Ճելալետտին Պարթուն։
\n