ՀՅԴ Արցախի կառոյցը նշեց անկախութեան տօնը – երդման արարողութիւն
\n
\n
\n
Յունիս 1-ին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնութեամբ Հադրութի շրջանի Տող գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ համաարցախեան ընկերական հաւաք: Հարիւրաւոր կուսակցականներ հաւաքուած էին տօնելու 96 տարի առաջ կերտուած Առաջին հանրապետության տօնը:
\n
Տող գիւղը պատահական չէր ընտրուած. գիւղը արցախեան հերոս գիւղերէն է, որուն համար կռուած եւ նահատակուած են բազում հայրորդիներ, եւ հոն կը գտնպուին արցախեան գոյամարտի հերոսներ՝ դաշնակցական Արմենչոյի եւ Վիգէնի շիրիմները:
\n
Հերոսներու շիրիմներուն ծաղկեպսակներ զետեղելէ ետք, մասնակիցները ուղուեցան դէպի Տողի Մելիք Եգանեաններու նստավայր-բերդը: Բերդի բակին մէջ տեղի ունեցաւ երդման արարողութիւն: Խումբ մը արցախցի երիտասարդներ համալրեցին ՀՅԴ շարքերը:
\n
Օրուան խորհրդը փոխանցեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանը: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ ԼՂՀ փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ԿԿ-ի անդամ Արթուր Աղաբեկեանը:
\n
Ելոյթներուն յաջորդեց տօնական խրախճանքը։
\n
\n
\n