ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽԱՅԾԵՐԸ՝ 2015-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ
\n
\n
Լրագրող վերլուծաբան Հայկանուշ Ալոյեան «Մետիամաքս» կայքին վրայ տեղադրուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ. «2015 թուականին կ՚ամբողջանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակը։ Թէ՛ հայկական, թէ՛ յատկապէս թրքական կողմը հանգամանօրէն կը պատրաստուին 2015-ին։
«Եւ այսպէս, ամփոփելով փաստերը, համախմբելով մինչեւ հիմա Թուրքիոյ կատարած քայլերը, պիտի փորձեմ ներկայացնել Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ քայլերու իմ տեսակէտս։
«Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին նախապատրաստական աշխատանքներ կը տանին ոչ միայն Հայաստանի հանրապետութեան եւ հայկական Սփիւռքի մէջ, այլ նաեւ՝ Թուրքիոյ մէջ, ուր այդ հարցին շատ աւելի լուրջ ու համակարգուած մօտեցում ցոյց տուած են։
«2001-ի մայիսի 25-ին թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուեցաւ «Անհիմն ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ պայքարը համակարգող խորհուրդ»-ը։ Կառոյցի նախագահ կը նշանակուի այն ժամանակուան փոխվարչապետ Տեւլեթ Պահչելի, իսկ խորհուրդի համակարգող՝ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի առաջին տեղակալը։«Խորհուրդի ստեղծման նպատակը տարբեր երկիրներու մէջ օրակարգ բերուող ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղուած ջանքերու չէզոքացումն էր։ Խորհուրդի կազմին մէջ ներառուած էին գրեթէ բոլոր պետական մարմինները, ինչպիսիք էին օրինակ՝ ազգային պաշտպանութեան, արդարադարտութեան, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններու, ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան, Թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախագահութեան, Պետական արխիւներու գլխաւոր վարչութեան եւ այլ մարմիններու ներկայացուցիչներ։ Խորհուրդը ղեկավարած է նաեւ Թուրքիոյ ներկայ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը։
«Խորհուրդի գործունէութեան շնորհիւ տպագրուած են հարիւրաւոր գիրքեր, Թուրքիոյ դպրոցներուն, համալսարաններուն ու այլ կառոյցներուն մէջ կազմակերպուած են ուրացման հարիւրաւոր «գիտաժողովներ»։ Վերջերս ալ լոյս տեսան 35 հատորնոց «Հայերն ու թուրքերը պատմութեան մէջ» «գիտական» աշխատութեան 10 հատորները, որոնց վրայ աշխատած է շուրջ 350 գիտնական։ Կը նախատեսուի հատորաշարքի 6-7 հատորները թարգմանել գերմաներէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի ,ռուսերէնի։ Միւս հատորները լոյս պիտի տեսնեն 2015-ին։
«Կարելի է համարել, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նախօրեակին Թուրքիոյ պետութեան նախապատրաստութիւններու ծիրին մէջ եղած է նաեւ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հայերուն ուղղուած ուղերձը, որ հրապարակուեցաւ սոյն թուականի ապրիլ 24-ի նախօրեակին։
«(…) կրնանք եզրակացնել, որ 2015 թուականին նախօրեակին թրքական իշխանութիւնները պիտի աշխատին հետեւեալ ուղղութիւններով՝
– Թուրքիոյ կրթական համակարգին մէջ ուրացման քաղաքականութեան ամրապնդում՝ գիտաժողովներ կազմակերպելով եւ գիրքեր հրատարակելով։- Հայկական սփիւռքի հետ յարաբերութիւններու հաստատում։
\n
– Ցեղասպանութեան զոհերու եւ պատերազմի ժամանակ ունեցած թրքական կորուստներու հաւասարեցում։
\n
– Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդներուն Թուրքիոյ քաղաքացիութեան շնորհում։
\n
– «Յայտարարութիւն-խայծերու» միջոցով Հայաստանի հանրապետութեան կառավարութեան հետ յարաբերութիւններու կարգաւորում։
«Ակնյայտ է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 2015-ին կը պատրաստուին համակարգուած, եւ բուռն իրադարձութիւններով լեցուն տարի կը սպասուի, սակայն հարցական է, թէ հայկական կողմի պատասխանը որքան համակարգուած ու համարժէք պիտի ըլլայ թրքական ժխտողականութեան յարձակողապաշտ քաղաքականութեան»։
\n