Հալէպի հայկական շրջանները ռմբակոծման թիրախ
1127
0
1 Յունիսի ուշ գիշերէն մինչեւ 2 Յունիսի վաղ առաւօտեան ժամերուն, Հալէպի տարբեր շրջաններու մէջ հրթիռաձգութիւնը շարունակուեցաւ: Յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանին մէջ ահաբեկչական խումբերու կողմէ նետուած կազի շեշերէն պատրաստուած հրթիռները մեծ աւերներ գործեցին: Վնասուեցան շրջանի հայկական եկեղեցիներն ու դպրոցները, ակումբն ու բնակարանները, գործատեղիներն ու վաճառատուները:
Վիրաւորուեցան Ստեփան Արուշեանն ու Զարեհ Ղազարեանը: Վիրաւորներուն վիճակը մտահոգիչ չէ, անոնք ստացած են համապատասխան բուժումն ու դարմանումը:
Հալէպի Լրատուական Գրասենեակ