«Հայաստան» Հիմնադրամի Գերխնդիրը Կը Շարունակէ Մնալ Վարդենիս- Մարտակերտ Ճանապարհը
ԵՐԵՒԱՆ.– 27 Մայիսին Հայաստանի կառավարութեան ընդունելութիւններու տան մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 23րդ նիստը, զոր վարած է խորհուրդի նախագահ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Օրակարգի հարցերուն անցնելէ առաջ, խորհուրդի մասնակիցները նախ շնորհաւորած են ի պաշտօնէ խորհուրդի կազմին միացած նոր անդամները՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանը, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը, ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեանը եւ ՀՕՄի նոր ներկայացուցիչ Վիքի Մարաշլեանը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան խորհուրդի անդամներուն տեղեկացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի տեղական մարմինի ատենապետ ընտրուած է Անդրանիկ Պաղտասարեանը: Ան Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին կատարած է 500 հազար տոլարի նուիրատուութիւն եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի որոշման համաձայն նկատուած է բարերար: Խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան նիստին սկիզբը բարերար անդամի վկայագիրը յանձնած է Անդրանիկ Պաղտասարեանին:
Նիստի օրակարգը հաստատելէ եւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի միջոցներով 2013ին կատարուած աշխատանքները ներկայացնող տեսերիզի ցուցադրութենէ ետք, հոգաբարձուներու խորհուրդը անցած է օրակարգի հարցերու քննարկման, որուն ծիրին մէջ հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան ներկայացուցած է գործադիր վարչութեան հաշուետուութիւնը՝ 2013ին կատարած աշխատանքներուն մասին:
Այնուհետեւ նիստին մասնակիցները լսած են վերստուգիչ յանձնաժողովի եւ «Կրանտ Թորնթըն» դիտորդական կազմակերպութեան հաշուեքննութեան եզրակացութիւնը:
Խորհուրդը վաւերացուցած է հաշուետուութիւնը՝ ի գիտութիւն ընդունելով վերստուգիչ յանձնաժողովին զեկոյցը:
Նիստին ընթացքին քննարկուած եւ ընդունուած է նաեւ Հայաստան համահայկական հիմնադրամի «Մարաթոն-2014»ի նպատակաուղղուածութեան մասին հարցը, որուն մասին զեկուցած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանը: