Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները Արցախի Հարցը Կը Քննեն
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծուած են. այսպէս յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ահմետ Տաւութօղլուի հետ հանդիպումէ մը ետք տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Այս տեղեկութիւնը հաղորդած է ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը, ըստ որուն՝ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները քննարկած են Հարաւային Կովկասի իրավիճակը եւ Արցախի հարցը:
Տաւութօղլու, որ Երեքշաբթի, Մայիս 27ին Մոսկուա ժամանած էր Պաքուէն, յայտարարած է, որ Թուրքիան դէմ է տարածաշրջանին մէջ սառեցուած հակամարտութիւններու առկայութեան:
«Տարածաշրջանը շատ մօտ է թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Ռուսիոյ: Սառեցուած հակամարտութիւնները վտանգ կը ստեղծեն տարածաշրջանի երկիրներուն համար», նշած է Տաւութօղլու, յոյս յայտնելով, որ Մոսկուա կը նպաստէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման:
«Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուտափոյթ լուծում գտնելը: Պէտք է յստակ քայլերու դիմել՝ հիմնախնդիրը լուծելու համար», եզրափակած է ան:
Պաքուի մէջ, Տաւութօղլու նաեւ հանդիպում ունեցած էր իր պաշտօնակից Էլմար Մամետեարովի հետ՝ քննելով երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային շարք մը հարցեր: Քննուած հարցերու շարքին եղած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը: