December 06, 2025
Հռոմի Պապի ձեռամբ՝ Արքութեան տիտղոս Հայր Լեւոն Զեքիեանի
- (0)
\n

\n
Պաշտօնական լուրը կը հրատարակուի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դիւանի կողմէ, որ կը յայտնէ, թէ Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը գերյարգելի հայր Լեւոն Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Զեքիեանը անուանեց որպէս Առաքելական Կառավարիչ seda plena Պոլսոյ արքեպիսկոպոսական Աթոռին՝ անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսական աստիճանը:
\n
Նորանշանակ արքեպիսկոպոսը պիտի ըլլայ տիտղոսաւոր Ամիտայի հայոց: Պաշտօնական անուանումը կարելի է կարդալ իտալերէնով Վատիկանի պաշտօնական կայքէջին մէջ։
\n