Մինսկի Համանախագահները Բողոքի Ցոյցով Կը Դիմաւորուին Բերձորի Մէջ
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.– Մայիս 17ին Բերձորի մէջ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիքի կողմէ յայտա-րարուած եւ Ղարաբաղեան հակամարտութեան լուծման ուղղուած կէտերուն գծով, որոնք գրեթէ չեն տարբերիր Մատրիտեան տխրահռչակ սկզբունքներէն: Ցուցարարները փակեցին ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահներու շքերթին ուղին։
Բողոքի ցոյցին միացած են Արցախի երիտասարդական եւ հասարակական շարք մը կազմակերպութիւններ, բերձորցիներ: Ցոյցի մասնակիցները բարձրացուցած էին պաստառներ՝ «Յարգէք մեր իրաւունքները», «Ոչ Արցախում խաղաղապահ զօրքին», «Դատապարտէք իրական ագրեսորին», «Սրանք մեր հողերն են, մենք ոչ մէկի չենք տայ», «Ո՛չ օտարերկրեայ զօրքերին Արցախի հողերում», «Յարգէք ժողովրդավարութեան սկզբունքները», «Ոչ մի թիզ հող», «Մենք 1991ին կատարել ենք մեր ընտրութիւնը»: Բնակիչները պահանջած են կարգի հրաւիրել Ատրպէյճանը, որ չի հրաժարիր իր յարձակողական նկրտումներէն:
Բողոքի ցոյցի մասնակիցները Բերձորի մէջ փակելով մայրուղին՝ պահանջեցին, որ Ճ. Ուորլիք պատասխանէ զիրենք յուզող հարցումներուն: Ուորլիք մօտեցաւ երիտասարդներուն եւ լսեց անոնց մտահոգութիւնները։
Երիտասարդները իրենց անհամաձայնութիւնը յայտնեցին ամերիկացի համանախագահին խօսքին մէջ տեղ գտած կէտերուն գծով եւ հարցումներ ուղղեցին անոր, սակայն Ուորլիք միայն մտիկ ըրաւ, առանց պատասխան տալու։
«Թերթ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին՝ մեկնաբանելով Բերձորի մէջ արցախցի երիտասարդներուն կատարած քայլը՝ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան ըսած է. «2010ին, երբ հրապարակուեց Մուսկոկայի յայտարարութիւնը, որում առաջին անգամ գաղտնազերծեցին բանակցայի սեղանին դրուած 6 դրոյթները, եղել է նման քայլի մէկ նախադէպ»։
«Մեզ վրայ նման փորձեր եղել են, հաւանաբար, Ուորլիքի ելոյթն այդ փորձարկումներից մէկն էր, մենք պէտք է աշխարհին հասկացնենք, որ միշտ էլ զգօն ենք», ըսած է Դաւիթ Իշխանեան:
Յաջորդ օրը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները հանդիպում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ: Հանդիպումէն ետք ռուս եւ ֆրանսացի համանախագահները մերժած են պատասխանել լրագրողներուն հարցումներուն, սակայն Ուորլիք հաճոյքով կատարած է այդ մէկը։
Թղթակից մը նշած է, որ Ղարաբաղի ժողովուրդը կտրականապէս չ՛ընդունիր Մայիս 7ին Ուորլիքի հրապարակած կարգաւորման 6 տարրերը: «Համանախագահներն ինչպէ՞ս են տեսնում այս պայմաններում այս կէտերի իրականացումը», հարցուցած է ան։ Ուորլիք ըսած է, որ իրենք կը յարգենք իրենց պահանջները ներկայացնելու ժողովուրդիի իրաւունքը:
Ան նշած է, որ ամէնէն անընդունելին պիտի ըլլայ պատերազմի վերսկսումը, իսկ ատկէ խուսափիլ կը նշանակէ, հակառակ տարակարծութիւններուն, ելք մը գտնել այս վիճակէն։ «Սակայն 6 կէտերու իրականացումը պիտի առաջնորդէ պատերազմի», նշած էր լրագրողներէն մէկը: Ի պատասխան այս դիտարկման՝ ամերիկացի համանախագահը ըսած է, որ իր գլխաւոր նպատակը հարաւկովկասեան տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումն է: «Այս դրոյթները նորութիւն չեն, այդ մասին խօսած էին նաեւ նախապէս համանախագահ երկիրներու նախագահները: Ասիկա, ի հարկէ, վերջնական տարբերակը չէ, տակաւին պէտք է քննարկել, սակայն անոնք կրնան հետագայ կարգաւորման հիմք հանդիսանալ», նշած է Ուորլիք։
«Ղարաբաղի ժողովուրդը իրաւունք ունի եւ արժանի է այս ամէնը գիտնալու եւ յայտարարելու իր համաձայնութեան կամ անհամաձայնութեան մասին: Կը կարծեմ, թէ ասիկա անկեղծ երկխօսութեան հիմքն է», նկատել տուած է համանախագահը: Ան յիշեցուցած է, որ հրապարակուած կէտերը պարտադիր որոշում չեն: «Մինսկի խումբը չի կրնար որոշում պարտադրել, մենք այստեղ ենք մարդոց օգնելու, ձեր կարծիքները լսելու եւ հանդիպելու ոչ միայն տէ ֆաքթօ իշխանութիւններուն, այլ նաեւ ժողովուրդին հետ», նշած է դեսպանը։