Մաուրօ Գեւգէօզեան Պաշտօնական Հրաւէր Ստացաւ Հայաստանի Հաւաքականին Միանալու

ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ Ալիանսայի մաս կազմող յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան պաշտօնապէս հրաւէր ստացած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` մաս կազմելու համար ազգային հաւաքականին, որպէսզի իր մասնակցութիւնը բերէ Ալճերիոյ եւ Գերմանիոյ դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն: Հայկական աղբիւրը իր հրապարակած լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ Մաուրօ ցարդ մաս չէ կազմած Հայաստանի հաւաքականին:  

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.