ԱՆԻ ՔԱՂԱՔԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
\n
\n
Նիւ Եորքաբնակ Լարէն Մելիքեան աշխատանք կը տանի համացանցի վրայ վերականգնել Անի քաղաքը: Քաղաքի հիմնարկութեան 1000-ամեակին առիթով, Մելիքեան աշխատանք կը տանի, համակարգիչի վրայ, եռաչափ տարածութեամբ սփռումով, ծանօթագրական տեղեկութիւններ տալ հնամենի քաղաքին մասին։ Ծրագիրը համակարգիչի վրայ, պիտի սփռուի երեք մակարդակներու վրայ. մանուկներու, ընդհանուր ժողովուրդի եւ մասնագէտներու համար։ Պիտի սփռուի երեք լեզուներով. Հայերէն, Անգլերէն եւ Թրքերէն։
Կարէն Մելեքեան կը յայտնէ, թէ այս աշխատանքին համար, գլխաւորութեամբ Երեւանի Հայ Ճարտարապետներու Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի, համագործակցութիւն հաստատած են Իսթանպուլի Հայ Ճարտարապետներու Միութեան (ՀԱՆՃԱՐ), Անատօլու Քիւլթիւրի ծրագրով Օսման Գավալայի, Օսման Քէօքէրի եւ այլ պատասխանատուներու եւ մասնագէտներու հետ, որոնք խոստացած են զօրավիգ կանգնիլ իրենց այս ծրագրի իրականացման համար։
\n