Արժանթինի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան պիտի կառուցուի
1161
0
Պուէնոս Այրէսի նահանգապետարանը Արժանթինի հայ գաղութին հողատարածք նուիրած է, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան կառուցելու համար: Այս մասին յայտարարած է Պուէնոս Այրէսի Մարդկային իրաւանց և մշակութային բազմազանութեան քարտուղարի տեղակալ Գլոտիօ Ավրուժը:
Թրքական «Mynet» լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ նուիրատուութեան համար կազմակերպուած հանդիսութեան ժամանակ Ավրուժը յիշեցուցած է, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանցած են թէ՛ Արժանթինի խորհրդարանը եւ թէ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետական խորհուրդը:
Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան մը պիտի հիմնուի նաեւ Ուրուկուէյի մէջ: Հաւանական է, որ երկու երկիրներուն մէջ թանգարաններու բացումը կատարուի նոյն օրը՝ 2015-ի Ապրիլ 24-ին: