ՍՈՒՄԿԱՅԻԹ ՍՈՒՐԻԱ ՄԵԿՆՈՂ ԺԻՀԱՏԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆԻ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ
- (0)
\n
\n
\n
Սուրիոյ մէջ կռուող ազրպէյճանցիներուն թիւը 200-էն 400-ի միջեւ է, իսկ զոհերուն թիւը՝ աւելի քան 100։
Շահին Ապպասով «Եուրէյժանեթ» կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ գոյութիւն ունին շօշափելի փաստեր, որ Ազրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքը, որ խորհրդային ժամանակաշրջանին քարիւղաքիմիական ճարտարարուեստի կեդրոն մըն էր, այժմ իսլամ զինեալներու կեդրոն է։ Այստեղ խանութներ եւ ճաշարաններ ոգելից ըմպելի կը ծախեն եւ քաղաքի բնակիչները սովորական հագուստ կը կրեն։ Սակայն ըստ ոստիկանութեան, 400,000 բնակչութիւն ունեցող այս քաղաքը, որ մայրաքաղաք Պաքուէն 35 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին մասնակցելու համար մեկնող ազրպէյճանցի իսլամներու մեծ կեդրոն մըն է։
Սումկայիթի բնակիչ, 36-ամեայ Ռասուլ այս իրողութեան քաջածանօթ է։ 2013-ին, անոր փոքր եղբայրը՝ 32-ամեայ Զաուր Հալէպի մօտ ըմբոստներու դէմ սուրիական բանակի մէկ յարձակումին ընթացքին հինգ զինակիցներու հետ սպաննուած էր։ Ռասուլ անոր մահուան լուրը ստացած է ազրպէյճանական պատկերասփիւռի կայանէն, որ անոր ինքնութեան թուղթը ցոյց տուած է եւ զինք ներկայացուցած իբրեւ միջազգային վարձկաններու խմբակի մը ղեկավարը։ Ռասուլ եղբօր քայլը «սխալ» կ՚որակէ։
Ան կը յայտնէ, որ իր եղբայրը իսլամական նամազները սկսած է կատարել 2009-ին, իսկ 2012-ին անհետացած է։ «Նոյնիսկ իր կինը չէր գիտէր, թէ ուր է։ Օգնութեան համար դիմեցինք ոստիկանութեան, սակայն որոշ ատեն ետք ան ինծի հեռաձայնեց եւ խնդրեց, որ չմտահոգուինք եւ ըսաւ որ Թուրքիոյ մէջ կ՚աշխատի», կը պատմէ Ռասուլ։
Ան «Եուրէյժանեթ»-ի յայտնած է, որ Սուրիոյ մէջ իր եղբօր արարքներուն պատճառով ոստիկանութեան հետ հարցեր ունեցած է, սակայն մանրամասնութիւններ չէ ուզած փոխանցել։ Սուրիոյ մէջ տակաւին կռուող ազրպէյճանցիներու յստակ թիւեր գոյութիւն չունին, անոնց մեծամասնութիւնը իսլամական խմբաւորումներու շարքին մէջ կը կռուին նախագահ Պաշշար Ասատի հաւատարիմ ուժերուն դէմ։ Տեղական լրատուամիջոցներ՝ այլ աղբիւրներ մէջբերելով կը նշեն, որ Սուրիոյ մէջ կռուող ազրպէյճանցիներուն թիւը 200-էն 400-ի միջեւ է, իսկ զոհերուն թիւը՝ աւելի քան 100։
Ազրպէյճանի քաղաքացիներու Սուրիոյ մէջ հակամարտութեան մասնակցութեան մասին լրատուութեանց լոյսին տակ՝ ոստիկանութիւնը այժմ այս երեւոյթին աւելի մօտէն կը հետեւի։ Ըստ ազրպէյճանական «Վեսթի.ազ» լրատու գործակալութեան ազրպէյճանական ոստիկանատուներու մօտ կատարած հարցախոյզին, անցնող 5 տարիներուն ընթացքին Սումկայիթի «շուրջ 40» բնակիչներ Ազրպէյճանէն Սուրիա եւ Աֆղանիստան մեկնած են, եւ անոնց կէսը սպաննուած է։
Քաղաքի 230 այլ բնակիչներ ոստիկանութեան հսկողութեան տակ են, իբրեւ կասկածելի վարձկաններ։
Սումկայիթ վերջերս սկսաւ աչքի զառնել իբրեւ սալաֆականութեան կեդրոն։ 2013-ի վերջաւորութեան ենթադրեալ սալաֆականներու եւ Խարիժիներ կոչուած սալաֆական այլախոհներու միջեւ զինեալ բախումներու պատճառով 4 վիրաւորներ արձանագրուեցան եւ 16 ուրիշներ ձերբակալուեցան։
Ազրպէյճանի մէջ իսլամութեան դերակատարութեան մասին շարք մը գիրքերու հեղինակ Արիֆ Եունուսով վիճելի կը գտնէ այն պնդումը, թէ Սումկայիթ Սուրիա արմատական իսլամականներ ուղարկող մեծագոյն կեդրոնն է։ Ապրիլին իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուելէ կարճ ժամանակ առաջ կատարուած հարցազրոյցի մը մէջ ան ըսաւ, որ Ազրպէյճանի տարբեր քաղաքներէ եւ շրջաններէ անհատներ Սուրիա կը մեկնին։
Ըստ ոստիկանութեան կողմէ «Վեսթի.ազ»-ի փոխանցուած տեղեկութեան, Հիւսիսային Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ Տաղստան շրջանին սահմանակից քաղաքներ եւս Սուրիա մեկնող ժիհատականներու կեդրոններ են։ Ըստ Եունուսովի, այն ինչ որ Սումկայիթը աւելի աչքառու կը դարձնէ անոր խարիժի համայնքն է, որ ի տարբերութիւն ազրպէյճանցի այլ սալաֆականներու կը հաւատան, որ պէտք չէ աշխարհիկ օրէնքներ յարգեն եւ պէտք է մասնակցին համաշխարհային ժիհատին։ Ան կ՚աւելցնէ, որ քաղաքին ժողովրդագրական պատկերը եւս դերակատարութիւն ունի։
1940-ական թուականներուն վերջաւորութեան կառուցուած Սուկայիթ միշտ ալ գաղթական, յարաբերաբար նուազ կրթութեան տէր աշխատաւորներու քաղաք մը նկատուած է։ Քաղաքը մզկիթ ունեցած է միայն Խորհրդային Միութեան տապալումէն ետք։ Սակայն օրին այլ վերիվայրումներ տեղի ունեցան՝ քաղաքին մէջ ճարտարարուեստի բազմաթիւ գործարաններու փակումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ Հայաստանի հետ պատերազմի լոյսին տակ Սումկայիթը վերածուեցաւ գաղթականներու կեդրոնի։ «Բոլոր այս ազդակները ստեղծեցին բաց մը, որ կրօնական արմատականներու կողմէ յաջող կերպով լեցուեցան», ըսած է Եունուսով։
Մինչ այդ՝ տեղական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ ոչ միայն այր մարդիկ, այլ նաեւ կիներու կը քաջալերէն Սուրիա մեկնիլ։ Ապրիլին քաղաքին մէջ տարածուեցաւ անծանօթներու կողմէ գրուած թռուցիկներ կիներուն կոչ ուղղեցին դրախտ մուտք գործելու համար «ամուսնութեան ժիհատ» մղելու՝ ժիհատականներուն սեռային ծառայութիւններ մատուցելու։ Ոստիկանութիւնը թռուցիկները հաւաքած է, իսկ Պաքուի մէջ սալաֆական իմամ մը զանոնք «Սուրիոյ մէջ կռուողներուն դէմ գրգռութիւն մը» նկատեց։
Վարձկաններու հոսքը սանձելու համար աւելի խիստ պատժամիջոցներ որդեգրուած են։ Մարտին այդպիսի գործունէութեան համար պատիժը 5-էն 11 տարուան բանտարկութեան բարձրացուած է, իսկ վարձկաններ զինուորագրողներու եւ հովանաւորողներուն համար բանտարկութիւնը 9-էն 15 տարի է։
\n
