Կայացաւ Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը
- (0)
\n
\n
ԵՐԵՒԱՆ.– «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ տեղի ունեցած է Ջիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» հայ- լիթուանական միացեալ արտադրութիւն հանդիսացող ժապաւէնի անդրանիկ ցուցադրութիւնը: Ասիկա բեմադրիչին երրորդ ժապաւէնն է, բայց առաջին երկարը:
\n «Արցախի պատերազմի մասին կարելի է տասնեակ ֆիլմեր նկարել եւ չկրկնուել», նշած է բեմադրիչ Ջիւան Աւետիսեան։ Անոր համաձայն՝ հերոսները պէտք է փնտռել իրական կեանքի մէջ: «Թեւանիկ»ի իրական հերոսները բնութագրելով՝ Ջիւան Աւետիսեան ըսած է. «Իւրաքանչիւրն, ով գոնէ մէկ օր ապրել է պատերազմական Արցախում»:
\n Աւելի քան մէկուկէս տարուան յամառութեամբ եւ աշխատանքով պատրաստուած ժապաւէնը արդէն ցուցադրուեցաւ հանրութեան, իսկ յառաջիկայ օրերուն անիկա նաեւ պիտի ցուցադրուի Հայաստանի շարժապատկերի տարբեր սրահներու մէջ։ Նշենք, որ «Թեւանիկ»ը պիտի ներկայանայ նաեւ Քաննի 67րդ փառատօնին։
\n
