ԺԱՊՀԱԹ ՆՈՒՍՐԱՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԿԸ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՆ, ՈՐ ԹՈՒՐՔԵՐԷ ՀՐԱՀԱՆԳ ԿԸ ՍՏԱՆԱՆ
\n
\n
Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ իրենց հրահանգները կը ստանան թրքական գաղտնի սպասարկութիւններէն
Սուրիոյ մէջ բախումներու ընթացքին սուրիական բանակին կողմէ գերեւարուած ծայրայեղ իսլամական Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ խոստովանած են, որ իրենք օտարներէ, ներառեալ արաբներէ եւ թուրքերէ հրաման ստացած են Սուրիոյ մէջ կառավարական եւ հանրային հաստատութիւններու դէմ յարձակում գործելու։ Նշենք, որ Ժապհաթ Նուսրան հետեւորդ է Ալ Քաիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը:
Նշեալ ահաբեկիչները, որոնք Սուրիոյ տարածքին վերջերս տեղի ունեցած գործողութեանց ընթացքին սուրիական կանոնաւոր բանակի կողմէ ձերբակալուած են, յայտնած են, որ Թուրքիոյ, Լիպիոյ, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Աֆղանիստանի, Չեչենիոյ, Յորդանանի եւ Ալճերիոյ քաղաքացիներ Սուրիոյ բանակին դէմ կը կռուին։
Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու, Սուրիական ազատ բանակը, Ժապհաթ ալ-Նուսրայի եւ ահաբեկչական այլ խմբաւորումներու անդամներ Սուրիա ուղարկուելէ առաջ Քաթարի մէջ կը մարզուին։ Անոնք նաեւ կը նշեն, որ զինեալները զինուած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ տրամադրուած հակահրասայլային զէնքերով եւ արբանեակներու միջոցով տեղորոշման սարքերով։
Զինեալները Թուրքիոյ մէջ մէկ շաբաթ կը մնան բժշկական քննութիւններու համար, ապա կ՚ուղղուին Քաթար, ուր երեք շաբթուան վրայ երկարող մարզումի կ՚ենթարկուին։ Ըստ զինեալներու շրջանակէն աղբիւրներու, իւրաքանչիւր ամիս Սուրիա մէկնելէ առաջ 100 զինեալներ Քաթար կ՚ուղարկուին։
Թրքական «Այտընլըք» օրաթերթը վերջերս հաղորդած է, որ Սուրիական ազատ բանակի նախկին հրամանատար Սալիմ Իտրիս ամերիկեան հակահրասայլային «ԹՕՈՒ» տիպի հրթիռներու Թուրքիայէն Սուրիոյ մէջ զինեալներուն փոխանցման մէջ միջնորդի դեր կատարած է։ Ըստ օրաթերթին, տասնեակ մը զինեալներ այդ զէնքի օգտագործման համար մարզուած են Թուրքիոյ մէջ։
\n