ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԼՈՊԻԱԿԱՆ ՈՒԺԸ ՏԿԱՐԱՑԱԾ Է

\n

\n

 

\n

Տենիզ Արսլան թրքական «Զաման» թերթին մէջ լոյս տեսած իր «Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ լոպիական ուժը տկարացած է» խորագիրով յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վերջերս որդեգրեց Հայոց ցեղասպանութեան ի Նպաստ բանաձեւ մը՝ ճամբան հարթելով Ծերակոյտին մէջ անոր շուրջ քուէարկութեան, ինչ որ ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ լոպիական ուժը տկարացած է։

Բարձրաստիճան դիւանագէտ մը, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց մասնագէտ մըն է «Զաման»-ի յայտնած է, որ եթէ բանաձեւը Ծերակոյտի օրակարգին վրայ բերուի, ապա «անկասկած» պիտի որդեգրուի։ 

Ան նշած է, որ Թուրքիա Ուաշինկթընի մէջ այլեւս կշիռ չունի՝ աւելցնելով, որ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբին մէջ միայն 5 Հանրապետական կուսակցութեան անդամներ բանաձեւին դէմ քուէարկած են։ Ապրիլ 10-ին տեղի ունեցած քուէարկութեան ընթացքին յանձնախումբի 18 անդամներէն 12-ը թեր քուէարկած են եւ երկուքը ձեռնպահ մնացած։

Բանաձեւը յանձնախումբի օրակարգ մուտք գործած ատեն Թուրքիոյ դեսպանը Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մէջ չէր։ Դեսպան Սերտար Քըլըչ Յունուարին դեսպան նշանակուած էր փոխարինելով փորձառու դիւանագէտ Նամըք Թանը։ Քըլըչ Ուաշինկթըն ժամանեց բանաձեւի որդեգրման ատեն, իսկ դեսպան Թան արդէն Քըլըչի ժամանումէն երեք շաբաթ առաջ մեկնած էր Ուաշինկթընէն։ Վերջինս Ուաշինկթընի մէջ պաշտօնապէս աշխատիլ սկսելէ առաջ տակաւին իր հաւատարմագրերը պէտք է յանձնէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի։

Ամերիկայի մէջ հայկական լոպիական խումբերը տարիներու ընթացքին Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի երկու պալատներու յանձնախումբերուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւեր ներկայացուցած են, սակայն Ամերիկայի մէջ թրքական լոպին յաջողած է Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը պաշտպանել եւ բանաձեւերը Ներկայացուցիչներու տան կամ Ծերակոյտի լիագումար նիստերուն օրակարգերուն վրայ չեն առնուած։

Կարգ մը աղբիւրներ «Զաման»-ի յայտնած են, որ թրքական եւ ամերիկեան կողմերը կը նախատեսեն, որ բանաձեւը Ծերակոյտի օրակարգին վրայ պիտի չառնուի, որովհետեւ Թուրքիան տակաւին ամերիկեան շահերու համար շատ կարեւոր է։ Սակայն այս անգամ ամերիկեան վարչակազմը այս հարցին շուրջ, առնուազն հրապարակաւ, չէ արտայայտուած։ Վերջինիս պատճառը Թուրքիոյ մէջ վերջին զարգացումներն են, ինչպէս ընկերային ցանցերու, մամլոյ ազատութեան եւ խօսքի ազատութեան սահմանափակումները, արդարադատութեան համակարգին վրայ յաւելեալ վերահսկողութեան հաստատումը եւ անկասկած՝ անցեալ տարուան վերջաւորութեան Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութենէն կարգ մը անդամներու մեղսակցութիւնը մատնանշող փտտածութեան շուրջ հետաքննութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէն վտարել սպառնալը։

Մէկ այլ փորձագէտ մը, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութեանց մօտէն կը հետեւի համամիտ գտնուեցաւ, որ Թուրքիա Ուաշինկթընի մէջ իր կշիռէն կորսնցուցած է։ Ան մատնանշեց, որ առաջին՝ բանաձեւը յանձնախումբին կողմէ շատ արագ որդեգրուեցաւ բաղդատմամբ նախորդ նմանօրինակ պարագաներուն, իսկ երկրորդ՝ թրքական կառավարութեան հակազդեցութիւնը յարաբերաբար զուսպ էր։

Ըստ մասնագէտին, Ծերակոյտի մէջ մեծամասնութեան ղեկավար Հարրի Ռիտ բանաձեւին համահեղինակներէն է եւ կը թուի զայն լիագումար նիստին արծարծելու նախանձախնդիր ըլլալ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.