Սուրիոյ մէջ հայ զինուոր մը կը զոհուի – Հալէպի հայահոծ շրջանները կը ռմբակոծուին


 

30 ապրիլ 2014-ի, յետ միջօրէին Նոր Գիւղ, Վիլլաներ եւ այլ հայահոծ շրջաններ ու թաղամասեր թիրախ դարձան հրասանդերու եւ հրթիռներու:

Հրթիռ մը ինկաւ Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի կողքին գտնուող ազգապատկան «Օշական» շէնքի թաղը: Հրթիռի պայթումի պատճառով երբ մէկ կողմէն վիրաւորուեցան երկու հայ՝ մէկը պատանի, երկրորդը՝ մեծահասակ, իսկ միւս կողմէ բնակարաններուն մեծ վնաս պատճառեց քարուքանդ ընելով թաղը:

Այլ երկու հրթիռ ինկաւ՝ առաջինը Նոր Գիւղի մզկիթին գովի թաղերէն մէկը, իսկ երկրորդը Նոր Գիւղի Ազգ. Զաւարեան վարժարանի վրայ, բարեբախտաբար երկուքն ալ չպայթեցաւ:

Հալէպի հայահոծ Սիւլէյմանիէ շրջանի «Թեթթէն» վառելանիւթի կայանէն ետք «Գաբրի»ի հրապարակ չհասած Վիլլաներ թաղամասի մուտքին վրայ ինկած եւ պայթած հրասանդի բեկորներէն վիրաւորուեցաւ Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի 7-րդ կարգի աշակերտ Խաժակ Ժամկոչեանը: Խաժակ անմիջապէս տարուեցաւ հիւանդանոց եւ անմիջական բուժումներ կատարուելէ ետք, այժմ վիճակը կայուն է եւ արդէն բնակարանն է կը հանգստանայ:
 
Յայտնենք, թէ չորեքշաբթի, 29 ապրիլ 2014-ին, Սալամիյէի-Հալէպ ճամբուն վրայ դժբախտ պատահարի մը պատճառով փամփուշտի մը զոհ գնաց Րաֆֆի Հէքիմեան: 

Միւս կողմէ, օրեր առաջ Դամասկոսի արեւելեան Ղութայի Մըլեհա շրջանին մէջ բուռն փախումներու հետեւանքով նահատակուեցաւ սուրիական բանակի հալէպահայ զինուոր, 25-ամեայ Ուիլեըմ Մակարը (Մակարեան): Թաղման յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, 30 ապրիլ 2014-ի, յետ միջօրէին, ժամը 2:00-ին:

PERIO NEWS


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.