Թորոնթոյի մէջ կայացած Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաքին մասնակցեցաւ նախարար Ճէյսըն Քէնի

\n

\n

 

\n

Կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Թորոնթոյի Միացեալ Յանձնախումբին, կիրակի 27 ապրիլին տեղի ունեացաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումը Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական  Կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահէն ներս:

\n

 Հոգեւոր հայրերու, Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու եւ Թորոնթոհայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու ինչպէս նաեւ Թորոնթոհայ հայրենակիցներու կողքին, ներկայ էին Գանատայի Դաշնակցային, Նահանգային եւ Քաղաքապետական Կառավարութիւններու պաշտօնատարներ,  եւ Թորոնթոյի տարածքին գործող մշակութային, բարեսիրական եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան տարբեր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:

\n

 Գանատայի եւ Հայաստանի օրհներգներու ունկնդրութենէն ետք, վայրկեան մը յոտնկայս յարգուեցաւ 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակը:

\n

 Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց Քաթիա Տէր Յովակիմեանը: Իր խօսքին մէջ ան յայտնեց որ հարիւրամեակի սեմին, աւելի քան երբեք, թուրք կառավարութիւնը կը շարունակէ ուրանալ իր նախնիներուն կատարած ոճրագործութիւնը, շարունակելով, որ Թուրք կառավարութիւնը ճիգ չի խնայեր փոխելու պատմութիւնը, միջազգային հանրութեան ներկայացնելու Թուրքիոյ ի նպաստ պատկեր մը: Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի ցաւակցական յայտարարութեան, Տէր Յովակիմեան յայտնեց որ Էրտողան զուր փորձեր կը կատարէ խուսափելու Հայոց Ցեղասպանութեան պատասխանատուութենէն` զայն հաւասարեցնելով սովորական երկկողմանի վէճի, աւելցնելով որ Էրտողանի այս ելոյթը զզուելի ու անախորժ քաղաքական հաշուական գործողութիւն մըն է որ կը միտի թուրք պետութիւնը պաշտպանել իր իսկ ժողովուրդէն, որ, օրէ օր, աւելի ու աւելի հարցականի տակ կ’առնէ անոր սուտերը: Տէր Յովակիմեան դիտել տուաւ որ ցեղասպան Թուրքիոյ անպատիժ մնալու հետեւանքն էր, որ տակաւին ամիս մը առաջ, Քեսապը բռնագրաւուեցաւ եւ քեսապահայութիւնը տեղահանուեցաւ իր պապենական հողերէն, ձեռամբ Ալ-Քայիտա կազմակերպութեան, որ կը վայելէ Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը, աւելցնելով որ Ալ-քայիտայի օտար զինեալներու քեսապ մուտքի Թուրքիոյ դիւրացնումը՝ ահաւոր եւ դառն վերյիշեցում մըն էր հայոց ցեղասպանութեան:

\n

 Տէր Յովակիմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Կառավարութեան որ 2006ին, ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը՝ դաշնակցային կառավարական մակարդակի վրայ, վեր առնելով թորոնթոհայութեան այն մտահոգութիւնը որ ճանաչման այդ օրէն ի վեր, Վարչապետի պատգամը խորապէս ազդուած է Թորւրքիոյ անընդհատ ուրացման քաղաքականութեան ճնշումէն: Տէր Յովակիմեան թելադրեց որ Գանատայի առաջնահերթ դերը՝ հայ-թուրք հաշտեցման ծիրէն ներս, Թուրքիոյ օգնելն է, որ ընդունի իր անցեալը, որովհետեւ ուրացումը պարզապէս անարդարութիւն է թէ Թուրքիոյ եւ թէ Հայաստանի հաշւոյն եւ կը ջլատէ յառաջիկայ ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու բոլոր ճիգերը:

\n

 Ապա Տէր Յովակիմեան փոխանցեց որ Էրտողանի անհեթեթ յայտարարութեան նոյն օրը, թրքական կազմակերպուած եւ լուրջ աշխատանքին իբր արդիւնք, Թորոնթոն ականատես եղաւ քաղաքապետական գործադիր խորհուրդի կողմէ՝ Թորոնթոյի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանի մը զետեղման առաջարկի յետաձգումին եւ անոր փոխանցումին՝  փրոթոքոլի պատասխանատուին, որ պիտի աշխատի Հայ եւ Թուրք գաղութին ինչպէս  նաեւ նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւններուն հետ ու արդիւնքը փոխանցէ գործադիր խորհուրդին, առ ի վերջնական վաւերացում: Թէեւ անսպասելի ու վիրաւորական էր այս պատահարը, այսույամենայնիւ, աշխատանքը տակաւին չէ աւարտած, եւ պիտի ընենք մեր կարելին որպէսզի կարենանք հասնիլ արդար լուծումի:

\n

Տէր Յովակիմեան իր խօսքը աւարտեց ըսելով՝ «Հարիւրամեակի սեմին, կը յուսանք որ Գանատայի դիրքորոշումը ըլլայ պատմական ճշմարտութեան կողքին եւ աշխատի Թուրքիոյ ժողովուրդին հետ, որ այսօր, աւելի քան երբեք, հարցականի տակ կ’առնէ իր կառավարութեան քարոզչութիւնը եւ կը ձգտի գիտնալու իրականութիւնը: Մեր պահանջատիրութիւնն ու պայքարը տկարութիւն չի ճանչնար: Յստակ է մեր պահանջքը՝ «Ցեղասպատութեան միջազգային ճանաչում, Թուրրքիոյ ներկայ կարավարութենէն՝ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան արդար հատուցում, եւ մեր պապենական հողերու վերադարձ»: Ա՛յս է, եւ պիտի ըլլայ այլեւս համայն Հայութեան կարգախօսը»:

\n

 Ապա խօսք առաւ Գանատահայ գաղութի երկարամեայ բարեկամ, Գանատայի աշխատանքի, ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար՝ Ճէյսըն Քէնին, որ դատապարտեց Թուրքիան իր ուրացման քաղաքականութեան համար եւ վերահաստատեց Գանատայի Կառավարութեան Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման կեցուածքը, յայտնելով որ այդ որոշումը կը մնայ անփոփոխ:

\n

 Ապա յաջորդաբար խօսք առին Գանատայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ՝ Ռաթիքա Սիթսապայէզան որ կը ներկայացնէր դաշնակցային կառավարութեան ընդդիմադիր, Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար՝ Թոմաս Մուլքէրը, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Տոքթ. Հէլէնա Ճազէք որ կը ներկայացնէր Օնթարիոյի Նահանգապետ՝ Քաթլին Ուինը, Օնթարիոյի կառավարութեան ընդդիմադիր, պահպնողական կուսակցութեան ղեկավար՝ Թիմ Հուտաք, Հայ Դատի ջատագով, Օնթարիոյի խորհրդարանի անդամ՝ Մայքըլ Փրու որ կը ներկայացնէր Օնթարիոյի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար՝ Անտրէա Հորուաթը, Թորոնթոյի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ՝ Շէլի Գարօլ, Մարքամի Քաղաքապետական փոխանորդ՝ Ճաք Հիթ, Թորոնթոյի Հանրային Վարժարաններու Ուսումնական Խորհուրդի (TDSB) անդամ՝ Յարութ Մանուկեան, որ նաեւ կը ներկայացնէր ատենապետ՝ Քրիս Պոլթընը, եւ Թորոնթոյի Քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածուներ՝ Ճոն Թորի եւ Տէյվիտ Սոքնաքի, որոնք նոյնպէս դատապարտեցին Թուրքիոյ ուրացման աշախատանքները եւ վերահաստատեցին իրենց բարեկամութիւնն ու զօրացութիւնը՝ Գանատահայ ու Թորոնթոհայ գաղութին:

\n

 

\n

\n


\n

 Ոգեկոչման ձեռնարկի առաջին պատգամաբերն էր Թորոնթոյի «Նաշընըլ Փօսթ» օրաթերթի խմբագիր եւ լրագրող Ճոնաթան Քէյ: Իր կարճ բայց համապարփակ բանախօսութեան մէջ, ան տուաւ հակիրճ ակնարկ մը 20-րդ դարու տարբեր ցեղասպանութիւններուն մասին եւ կեդրոնացաւ ուրացման հոգեբանութեան վրայ: Աւարտելով իր խօսքը, Քէյ յայտնեց որ կը զօրակցի այն Թուրք ժողովուրդին որ իր պետութենէն կը պահանջէ իրականութիւնը:

\n

Ապա հանդէս եկաւ Թորոնթոհայ գաղութի անկեղծ բարեկամ, Գանատայի Խորհրդարանի նախկին անդամ եւ Թորոնթոյի Քաղաքապետական խորհուրդի թեկնածու՝ Ճիմ Քարիքիանիս որ իր զօրակցական հարազատ խօսքերու կողքին վստահեցուց թորոնթոհայութեան որ ճիգ պիտի չխնայէ որ Թորոնթոյի մէջ անպայման Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած յուշակոթողը զետեղուի:

\n

 

\n

\n


\n

Երկրորդ պատգամաբերն էր իրաւաբան, պատմագէտ, դիւանագէտ եւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան՝ Արա Պապեան, որ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական հողերու հարցը եւ հողային պահանջատիրութեան օրինական երեսը:

\n

Պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաները ուղղուեցան դէպի Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի Ցեղասպանութեան յուշակոթող, ուր Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, Թորոնթոհայ Գաղութի անունով, ծաղկեպսակ մը զետեղեցին իսկ Թորոնթոհայ հայրենակիցները ծաղիկներ զետեղեցին, անգերեզման ու անշիրիմ մեր նահատակներու վառ յիշատակին:

\n

Հոգեւոր հովիւներու աղօթքով փակուեցաւ ոգեկոչման  ձեռնարկը:

\n

 

\n

Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման

\n

Թորոնթոյի Միացեալ Յանձնախումբ

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.