Հակառակ թրքական հակացոյցին, 2000 հայորդիներ պահանջատիրութեան ձայնը բարձրացուցին Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց
\n
\n
\n
Ապրիլ 24, 2014-ին, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն, Լաւալէն, Մոնթրէալէն, Համիլթընէն, Սէնթ Գաթրինզէն եւ այլ վայրերէ Օթթաուա ժամանեցին 2000 հայորդիներ եւ Գանատայի խորհրդարանին առջեւ միասնաբար վերանորոգեցին պահանջատիրութեան իրենց ուխտը:
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաք-քայլարշաւը այս տարի կրէր տարբեր բնոյթ: Արդարեւ, Օթթաուայի ոստիկանութիւնը, այս տարի թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն արտօնագիր տուած էր, որպէսզի անոնք Գանատայի Խորհրդարանին դիմաց իրենց հաւաքը կատարեն գրեթէ միեւնոյն պահուն, երբ հայ համայնքը կը կատարէ իր Մեծ Եղեռնի օգեկոչման ամենամեայ աւանդական արարողութիւնը:
Հայ եւ թուրք համայնքները իրարմէ բաժնուած էին յատուկ անցարգել մետաղեայ պատնէշներով:
\n
\n
Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Նաթան Արք. Յովհաննիսեան հաւաքի բացումը կատարեց յորդորելով ներկայ հայորդիներուն տէր կանգնիլ իրենց ուխտին: Ապա ներկաները միասնաբար աղօթեցին Տէրունական Աղօթքը:
\n
Օրուան հանդիսավար Նորա Արուշեան իր բացման խօսքով յայտնեց, թէ Թուրքիա, ուրացման իր քաղաքականութեամբ կը շարունակէ եւ կը կրկնէ Ցեղասպանութեան գործընթացը: Ան յիշեցուց, որ Թուրքիա մեծ դերակատարութիւն ունէր մէկ ամիս առաջ տեղի ունեցած Քեսապի դէպքերուն:
Խօսք առաւ Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Արմէն Եգանեան, որ յիշեցուց, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան կողքին, Օսմանեան Թուրքիոյ պետութիւնը ծրագրած եւ գործադրած է ասորիներու եւ պոնտացի յոյներու ջարդերը: Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ տրամաբանութեամբ Անգարա կ՚առաջարկէ 1915-ի Եղեռնը քննարկող պատմաբաններու յանձնաժողով յառաջացնել, երբ International Association of Genocide Scholars-ի նման համաշխարհային հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մը արդէն իսկ հաստատած է Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Գանատայի պատկան իշխանութիւններուն, որոնք Գանատայի Մարդկային Իրաւանց Թանգարանին մէջ յատուկ տեղ տրամադրեցին Հայկական Ցեղասպանութեան:
Պահպանողական կուսակցութեան կողմէ խօսք առաւ Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ռոյալ Կալիփօ, որ թուրք ցուցարարներուն ակնարկելով յայտնեց, թէ այս տարի հայ ցուցարարները «զօրակից»ներու բանակ մը ունին: Ան ընթերցեց ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քէնիի ուղերձը, ուր նախարարը կը հաստատէ, որ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ թրքական պետութեան կողմէ այդ արարքի պատասխանատուութիւնը ստանձնելու անյետաձգելի անհրաժեշտութիւնը:
Ազատական կուսակցութեան անդամ, 25 տարիներ Գանատայի խորհրդարանի նախկին անդամ, Ճիմ Գարիճիանիս ներկաներուն յիշեցուց, որ 20-րդ դարու սկիզբը թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայկական ու Պոնտական ցեղասպանութիւններու պատճառով է, որ այսօր Տարֆուրի մէջ կամ այլուր կը շարունակուին ցեղասպանական արարքները: Ան խօսքը ուղղելով թուրք ցուցարարներուն »ամօթ« ըսաւ անոնց, որոնք իրենց այդ արարքով վերստին կ՚ուրանան հայերու, պոնտացի յոյներու եւ այլ ազգերու դէմ գործադրուած թրքական պետական ոճիրները:
\n
\n
Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան անդրադարձաւ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կատարած յայտարութեան, յայտնելով, որ թուրք ղեկավարին կատարածը ուրացման քօղարկուած մէկ տարբերակն է, որ կը միտի շփոթի մատնել միջազգային հանրութիւնն ու քաղաքական շրջանակները:
Հայր Գեղարդ Վրդ. Քիւսպէկեան կոչ ուղղեց հայորդիներուն զգօն ըլլալու, վստահեցնելով, որ թուրք ցուցարարներու կատարածը, պարզապէս ուրացման յուսահատական ճիգ մըն է:Հայ Դատի երկարամեայ պաշտպան, Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի նախկին խօսնակ Տէյվիտ Ուորնըր խօսքը ուղղելով թուրք ցուցարարներուն, յայտարարեց, թէ հակառակ թրքական փորձերուն Օթթաուայի մէջ կայացող աւանդական ոգեկոչման հանդիսութիւնը ձախողութեան մատնելու, գանատահայութիւնը կուռ շարքերով պիտի շարունակէ իր պահանջատիրութեան ու արդար դատի իրագործման յաղթարշաւը:
\n
\n
Խորհրդարանի դիմաց հաւաքի աւարտէն ետք 2000 հայորդիներ ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն, ուր 300 թուրք ցուցարարները, հակահայ պաստառներով կանգնած էին: Ոստիկանական ստուար թիւ մը եւ անցարգել պատնէշներ կը բաժնէին ցուցարար երկու կողմերը: Թրքական դրօշներու կողքին պարզուած էին Ատրպէյճանի եւ Չինաստանի թրքացեղ ուղուրներու դրօշները: Հակառակ թրքական կողմի գրգռիչ փորձերուն, հայկական կողմը շարունակեց արարողութիւնը, հեգնանքով դիմաւորելով թուրք ցուցարարներու գրգռիչ բացագանչութիւնները: Բողոքի ցոյցի ընթացքին ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) կազմակերպութեամբ, երգով եւ ասմունքով տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որու ընթացքին փոխանցուեցան նաեւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան խօսքերը, որոնց մէջ կը հաստատուէր պահանջատիրական երթը շարունակելու նոր սերունդի վճռակամութիւնը:
Նշենք, որ առաւօտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն այցելեցին ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէն եւ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք Առաջնորդ սրբազան Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի եւ դեսպան Արմէն Եգանեանի հետ, դեսպանատան «Յաւերժական Հայաստան» յուշարձանին մօտ աղօթքով ոգեկոչեցին Մեծ Եղեռնի 99-ամեակը:
Գանատայի շարք մը հեռատեսիլներ եւ օրաթերթեր անդրադարձան Օթթաուայի թրքական դեսպանատան դիմաց կայացած բողոքի ցոյցին:
\n
\n
\n
\n
\n
\n
\n