Նալբանդեան Եւ Լաւրով Շեշտը Դրած Են ԼՂ Հակամարտութեան Խաղաղ Լուծման Ջանքերու Գործադրութեան Կարեւորութեան Վրայ
1478
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 19 Ապրիլին այցելած է Մոսկուա, ուր աշխատանքային հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:
Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը, անդրադարձած են երկկողմանի օրակարգային տարբեր հարցերու:
Էդուարդ Նալբանդեանն ու Սերգէյ Լաւրովը միտքեր փոխանակած են միջազգային արդիական խնդիրներու վերաբերեալ:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են ղարաբաղեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Ընդգծուած է հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած կողմերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն միացեալ ջանքերու գործադրութեան կարեւորութիւնը: