Քեսապահայերու հարցով ՀՀ Սփիւռքի նախարարը ընդունեց Կարմիր Խաչի Հայաստանի ղեկավարը


 

Ապրիլի 18-ին, ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի հրաւէրով ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շէնք այելեց Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) հայաստանեան գրասենեակի ղեկավար Սարա Էպրէխթը:

Հանդիպման ընթացքին տիկ. Հրանուշ Յակոբեան տիկին Ս. Էպրէխթին ներկայացուց Քեսապի հայութեան կացութիւնը: Ան ընդգծեց, որ 38 ծեր ու անկարող մարդիկ, որոնք ի վիճակի չեղան փախչելու, պատանդի վիճակի մէջ են: Անոնցմէ 22-ը կը գտնուին Թուրքիոյ հայկական Վագըֆ գիւղը, որոնք կը փափաքին միանալ Լաթաքիոյ իրենց հարազատներուն։

Նախարարուհին ԿԽՄԿ հայաստանեան գրասենեակի ղեկավարէն խնդրեց՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջոցով Վագըֆի  քեսապահայերը տեղափոխումը իրագործել:

Էպրէխթ շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին իրավիճակին ծանօթացնելուն համար և պատրաստակամութիւն դրսևորեց հարցին մասին անմիջապէս տեղեկացնել իր ղեկավարութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.