«ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱԼԷՊԻ ԵՒ ՔԵՍԱՊԻ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԵՐԸ ԿԸ ՂԵԿԱՎԱՐԷ», ԿԸ ԳՐԷ «ՈՒԱԹԱՆ»

\n

\n

 

\n

Սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը կը գրէ, որ այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ցնորքներուն իրականացման համար գրաւը չեչեններու, տաղստանցիներու եւ մաղրեպցիներուն վրայ դնելով՝ Հալէպի եւ Քեսապի ճակատամարտերը կը ղեկավարէ, Սուրիոյ բանակը իր գործողութեան շղթայազերծումէն քանի մը ժամ ետք ամբողջութեամբ վերահսկողութեան տակ առաւ Ռանքուսին վերահսկող Մահմիաթ Ալթույուր բլուրը։

Վերջերս Հալէպի մէջ բանակին դիրքերուն եւ զօրանոցներուն դէմ յարձակում գործող Ահլ ալ-Շամ խմբաւորման «Ռազմական ծրագրաւորման կեդրոն»ին հետ սերտ կապեր ունեցող աղբիւրներ «Ուաթան»-ի յայտնեցին, որ թրքական գաղտնի սպասարկութիւններու աջակցութեամբ ստեղծուած է այդ կեդրոնը, որ իրենց ղեկավարութեամբ կը գործէ եւ իրենք իրենց գրաւը անոր վրայ դրած են ուժերու հաւասարակշռութիւնը նախագահական ընտրութեան ժամկէտէն առաջ ի նպաստ զինեալ ընդդիմութեան շրջելու համար։ 

Աղբիւրները նշած են, որ Թուրքիա Հալէպի կայունութիւնը քայքայելու եւ գետնի վրայ նոր կացութիւն ստեղծելու համար Հալէպ բերած է շուրջ 2000 զինեալներ, որոնց մեծամասնութիւնը չեչեններ եւ տաղստանցիներ են, ինչպէս նաեւ արաբներ։ Անոնք կ՚օգտագործեն ծանր եւ արդիկանա զէնքեր եւ սէուտական ու քաթարական ֆինանսաւորում կը ստանան։

Աղբիւրները կ՚աւելցնեն, որ Էրտողանի կառավարութիւնը «Ռազմական ծրագրաւորման կեդրոն»ին կը տրամադրէ գաղտնի տեղեկութիւններ, որոնց աղբիւրը արեւմտեան արբանեակներն են, որոնք կը հետեւին բանակի շարժումներուն, սակայն վերջինիս կիրարկած մարտավարութիւնը ապակողմնորոշած է զանոնք եւ ետ մղած աննախադէպ յարձակումները, այդպիսով արգելք հանդիսանալով, որ ուժերու հաւասարակշռութեան մէջ փոփոխութիւն տեղի ունենայ։

\n

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.