Ատրպէյճան Նախիջեւանի Մէջ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ատրպէյճան որոշած է «մկանները ցուցադրել»՝ լայնածաւալ ռազմական զօրավարժութիւններ կատարելով Նախիջեւանի մէջ:
Ատրպէյճանական աղբիւրներու համաձայն՝ զօրավարժութիւնները տեղի կ՛ունենան մարտական պատրաստուածութեան 2014ի ռազմական ծրագիրին համապատասխան:
Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավարութեան մասնակցութեամբ իրականացուող զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին զօրամասերու անձնակազմերը, օդուժի, հրթիռային եւ հրետանային զօրքերը:
Ռազմափորձերուն ընթացքին պիտի ստուգուին Նախիջեւան տեղակայուած զօրամասերու մարտունակութիւնը, ռազմական սարքաւորումերը, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակակից զէնքի կիրառման հմտութիւնները:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.