ՔԵՍԱՊԻ ՀԱՐՑՈՎ՝ ՅՈՒՆԱՍՏԱՆԻ Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ԴԻՄԵՑ ՀԵԼԼԷՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ


 

Քեսապի դէմ զինեալ յարձակման եւ տեղահան- ւած հայութեան հարցի մասին ՀՅԴ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբը, նախապէս դասաւորուած ժամադրութեամբ, երէկ Երեքշաբթի 15 Ապրիլին, հանդիպում ունեցաւ  Յունաստանի խորհրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Գոնսթանտինոս Ցիարասի հետ:

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամներ Սերգօ Գույումճեան եւ Խաչիկ Խաչատուրեան պրն. Ցիարասի պարզեցին հարցի մանրամասնութիւնները, զինք լաւագոյնս իրազեկելու առումով: Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան քեսապահայութեան եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրները եւ Քեսապի բնակչութեան ապահովման ու բնակավայր վերադարձի հարցը: Պրն. Ցիարաս քաջատեղեակ էր հարցէն, նախապէս վարած ըլլալով Յունաստանի արտաքին գործոց փոխ նախարարի պաշտօնը, երբ մօտէն հետեւած էր Սուրիոյ մէջ քրիստոնեաներու պաշտպանութեան հարցերուն: Յոյն պաշտօնատարի ուշադրութեան յանձնուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ մեղսակցութեան հարցը, դիտել տալով թէ տեղւոյն բնակչութեան դէմ գրգռութիւնները կÿոտնակոխեն միջազգային օրէնքը եւ մարդկային իրաւունքները:

Նախագահ պրն. Ցիարաս ստանձնեց խորհըրդարանի պաշտպանութեան եւ արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի լիագումար նիստին ներկայացնել Քեսապի հարցի բոլոր ծալքերը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.