Տաւութօղլու Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Հարցով Նախազգուշացուցած Է Միացեալ Նահանգները


 

Թրքական «Հապեր 7» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ 1915-ի դէպքերուն առնչուող բանաձեւը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան օրակարգ բերելու եւ ընդունելու պարագային իրենք լուռ պիտի չմնան:

Տաւութօղլու նշած է, որ բանաձեւը հապճեպ կերպով օրակարգ բերուած է, սակայն Ծերակոյտի օրակարգ պիտի չմտնէ: «Նման բան չ՛ակնկալուիր: Պարոն Քերրին ալ նշեց, որ բանաձեւը յանձնախումբէն անդին պիտի չանցնի: Մեր դիրքորոշումն ու արձագանգը յստակ է: Թուրքիան նման քաղաքական շահարկումներ պիտի չարտօնէ: Մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններուն», ըսած է ան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ այս հանգրուանին այդ բանաձեւը Անգարա-Ուաշինկթըն յարաբերութիւններուն վրայ պիտի չազդէ:

«Ծերակոյտի կամ Ներկայացուցիչներու տան կողմէ օրակարգ մտնելու կամ որեւէ յայտարարութեան պարագային մենք նախապէս ցոյց տուած մեր արձագանգը ցոյց պիտի տանք: Թուրքիան լուռ պիտի չմնայ: Սակայն նման հաւանականութիւն չենք նախատեսեր», ըսած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.